«Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւնը Այլընտրանք Է Գործող Իշխանութիւններուն» Կ՛ըսէ Վարդան Օսկանեան
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ի՞նչ կարգավիճակով Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ իր քաղաքական գործունէութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան յայտնեց, որ ընտրարշաւի ընթացքին Բարգաւաճ Հայաստանը պայքարած է հիմնականին մէջ իսկական փոփոխութիւններու համար, բայց երբ կարելի չէ եղած անոնց հասնիլ, որոշում տուած է համաձայնական կառավարութեան մաս չկազմել եւ խորհրդարանին մէջ ըլլալ իբրեւ կառուցողական ուժ եւ այլընտրանք գործող իշխանութիւններուն:
«Ճիշդին ճիշդ պիտի ըսենք, սխալին` սխալ: Մէկ խօսքով` պիտի փորձենք իսկական փոփոխութիւն բերել մեր հանրութեան կեանքին մէջ: Եթէ օրէնքներ բերուին, որոնք կը համապատասխանեն հանրութեան շահերուն, մենք պիտի աջակցինք այդ օրէնքներու ընդունման, եթէ չհամապատասխանեն, մենք անպայման անոնց դէմ պիտի պայքարինք», նշեց ան:
Անդրադառնալով լրագրողներու այն հարցումին, որ ինչո՞ւ կը խուսափի «ընդդիմութիւն» բառը արտասանելէ, Օսկանեան կրկնեց, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը պիտի ըլլայ կառուցողական դաշտին մէջ, բայց եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ այլընտրանք այսօր գործող իշխանութիւններուն: «Այն փաստը, որ կարելի չէ լեզու գտնել եւ համաձայնական կառավարութիւն կազմել, կը նշանակէ, որ ծրագիրներու մէջ կան էական տարբերութիւններ», աւելցուց ան` նշելով, որ այս իրավիճակէն պիտի շահի երկիրը, ժողովուրդը եւ խորհրդարանի աշխատանքը:


