Քլինթըն Հայաստան Պիտի Այցելէ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն 4 յունիսին Հայաստան պիտի այցելէ:
Այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հանդիպումները նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուին հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութեան զարգացման եւ խորացման առնչուող բազմաթիւ հարցեր, Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ լուծման հոլովոյթը, պիտի քննարկուին նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շրջանային եւ միջազգային խնդիրներ:
CATEGORIES Հայկական

