«ՀՅԴ-ն Պիտի Սպասէ Բարգաւաճ Հայաստանի` Ընդդիմադիր Ըլլալու Յայտարարութեան» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ քանի որ խորհրդարանին մէջ ընդդիմութեան թիւը փոքր է, անհրաժեշտ է որակով այդ տարբերութիւնը չէզոքացնել եւ աւելի աշխուժ աշխատիլ: Ան նշեց, որ այն խումբը, որ այսօր ՀՅԴ-ի կողմէ կը մտնէ Ազգային ժողով, փորձառութիւն ունի, եւ եթէ այդ փորձառութեան գումարուին դաշնակցական աւանդութիւնները, կարելիութիւն կը ստեղծուի, որ ՀՅԴ-ն Ազգային ժողովի աշխատանքները առնուազն համապատասխան դարձնէ քաղաքական մարմինի գործունէութեան:
Պատասխանելով Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ հետագայ համագործակցութեան մասին հարցումին` Ռուստամեան նշեց, որ ՀՅԴ-ն պիտի սպասէ, մինչեւ որ բոլոր կուսակցութիւնները յայտարարեն իրենց` ընդդիմադիր ըլլալու մասին: «Երբ այդ դաշտը յստակ դառնայ, մենք, բնականաբար, պիտի պաշտպանենք ընդդիմութեան դաշտին մէջ եղած ուժերը, քանի որ համագործակցութիւնը այդ դաշտին մէջ գործող ուժերուն հետ շատ աւելի տրամաբանական է», յայտնեց Ռուստամեան:
Անդրադառնալով Ազգային ժողովի նոր կազմին` դաշնակցական պատգամաւորը յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանը այս կազմով կրնայ դառնալ աւելի քաղաքական մարմին, ինչ որ օգտակար պիտի դառնայ երկրին համար:


