Երեւանի Մէջ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նիստ

Երէկ Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը, զոր վարեց խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Մինչ օրակարգի հարցերու քննարկումը նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց նիստի մասնակիցները` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կազմաւորման 20-ամեակին առիթով:

«Միասին մենք մեծ ճամբայ անցած ենք: Անկարելի է նոյնիսկ թուարկել այդ 20 տարիներու ընթացքին իրականացուած ծրագիրները: Անոնք այնքան շատ են ու բազմաբնոյթ, որ մեզի կը մնայ միայն արձանագրել, որ առանց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի այլեւս անկարելի է պատկերացնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը ու Արցախը: Ասիկա յոբելեան է, որ մեզի ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կը ներշնչէ եւ միւս կողմէ առիթ է ոգեւորութեան ու նոր եռանդով գործի լծուելու», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան տեղեկացուց, որ խորհուրդի անդամները, տեղական մարմիններու ատենապետերը եւ գործադիր վարչութեան որոշ աշխատակիցներ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման գործին մէջ ներդրած իրենց նշանակալի աւանդին համար, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 20-ամեայ յոբելեանի առիթով հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահի որոշումով պարգեւատրուած են հիմնադրամի 20-ամեակի յուշամետալով:

Նիստին ընթացքին քննարկուած եւ հաստատուած է հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին մէջ նոր անդամի` Հայկական բժշկական միջազգային կոմիտէի նախագահ Ճերրի Մանուկեանի թեկնածութիւնը: Խորհուրդը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնին համար վերահաստատեց  Արա Վարդանեանը:

Նիստին մասնակիցները դիտեցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով 2011 թուականին կատարուած աշխատանքներու մասին պատմող հաշուետու տեսերիզը, որմէ ետք հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը ներկայացուց գործադիր վարչութեան հաշուետուութիւնը 2011 թուականին կատարած աշխատանքներուն մասին: Ի գիտութիւն ընդունելով վերստուգիչ յանձնախումբին զեկուցումը` հաշուետուութիւնը ընդունուեցաւ խորհուրդին կողմէ: Նիստին ընթացքին ընդունուեցաւ նաեւ «Հայաստան»  համահայկական հիմնադրամի «Թելեթոն-2012»-ի նպատակաուղղուածութեան մասին հարցը, որուն մասին զեկուցեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները, նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկով, քննարկեցին նաեւ մայրաքաղաքի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին կողքին Կոմիտասի թանգարան հիմնելու հարցը: Ըստ նախագահին, ատիկա պէտք չէ զուտ թանգարան ըլլայ, այլ աշխուժ, պարբերաբար տեղի ունեցող ձեռնարկներով թանգարան-մշակութային կեդրոն, ուր հայ ժողովուրդը եւ երկիր այցելող հիւրերը կարելիութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու Կոմիտասէն ստացած ամբողջ ժառանգութեան:

Share this Article
CATEGORIES