Ըստ Սամուէլ Բալասանեանի Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւնը Կառուցողական Ընդդիմութիւն Պիտի Ըլլայ
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Սամուէլ Բալասանեան երէկ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին մէջ իրաւագիրներու յանձնումի հանդիսաւոր արարողութենէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ հինգերորդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը կառուցողական ընդդիմութիւն պիտի ըլլայ:
Պատասխանելով «Երկիր»-ի թղթակիցի հարցումին, որ ի՞նչ ըսել է կառուցողական ընդդիմութիւն, Բալասանեան նշեց, որ լաւին լաւ կ՛ըսեն, վատին` վատ: «Եթէ լաւ բան կատարուի, կ՛ըսենք` շատ լաւ է, եթէ վատ բան կատարուի, ուրեմն կը քննադատենք», նշեց ան:
Լրագրողները Ազգային ժողովի նախկին փոխնախագահէն հետաքրքրուեցան, որ արդեօք չէ՞ տխրած, որ զրկուած է Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնէն: «Ես երբեք չեմ տխրած, դուք ինծի լաւ գիտէք, որ տխրողներէն չեմ: Ես շատ բաներ տեսած եմ, շատ բաներէ անցած եմ: Ատիկա քաղաքական պաշտօն է, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան չէ: Մեզի յանձնախումբերու 4 նախագահներու եւ երեք փոխնախագահներու պաշտօն կը հասնի, կ՛աշխատինք յանձնախումբերուն մէջ», նշեց Բալասանեան:


