50 Տարի Առաջ ( 1 յունիս 1962 )

Մամուլին Դերը
Հայ Գրականութեան Մէջ

Բ. Թաշեանի Դասախօսութիւնը

Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ կազմակերպուած հրապարակային դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 24 մայիս 1962, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Դասախօսն էր եգիպտահայ ծանօթ մտաւորական Բենիամին Թաշեան:

Համազգայինի վարչութեան ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, պատճաշ կերպով ներկայացնելէ ետք յարգելի դասախօսը, բեմ հրաւիրեց` տալու իր դասախօսութիւնը «Մամուլին դերը հայ գրականութեան մէջ» նիւթին շուրջ:

«Մամուլին դերը շատ մեծ եղած է: Հայ գրականութիւնը մշակուեցաւ ու զարգացաւ մեր մամուլին մէջ բացառաբար», ըսաւ Բ. Թաշեան:

«Իրապաշտ շարժումը, որ ամէնէն իրապաշտ շարժումը եղած է մեր գրականութեան մէջ, զարգացաւ «Մասիս»-ի, «Արեւելք»-ի, «Հայրենիք»-ի, «Մշակ»-ի, «Հիւսիսափայլ»-ի եւ այլ նշանաւոր թերթերու միջոցաւ:

«Ստեփանոս Նազարեանց, Գրիգոր Արծրունի, Րաֆֆի, Նալբանդեան, Տիգրան Կամսարական, Հրանդ Ասատուր, Օտեան, Զօհրապ եւ այլն պիտի չունենայինք: Մեր գրականութիւնը մեր թերթերը փրկեցին:

«Ընդարձակ նիւթ է այս դասախօսութեան նիւթը, եթէ նկատի ունենանք` 1. Հայ մամուլը իբրեւ քանակ, 2. Հայ մամուլը իբրեւ որակ, 3. Մամուլին դերը գրականութեան մէջ եւ 4. Մամուլին դերը լեզուի մշակման մէջ: Անկարելի է, որ մէկ դասախօսութեամբ կարենանք տալ իւրաքանչիւրին տեղն ու դերը: Պիտի տամ միայն լեզուական կողմը:

«Մեր առաջին թերթը` «Ազդարար», լոյս տեսաւ 1794 հոկտեմբեր 16-ին: Եւ այնուհետեւ հրատարակուեցան ուրիշ թերթեր ոչ թէ բուն երկրին մէջ, այլ` դուրսը, Հնդկաստան, Վենետիկ, Վիեննա:

«Թուրքիոյ մէջ առաջին թերթը լոյս տեսաւ 1832-ին Լրոյ Գիր Մեծի Տանն Օսմանեան»:

«Այս եւ ասոնց յաջորդող թերթերուն պարունակութիւնը եղած է զանազան գիտելիքներ, քաղաքական տեսութիւններ, տեղական եւ արտաքին լուրեր, կրօնական անցուդարձեր, առակներ եւ այլն:

«Կովկասահայ առաջին թերթը լոյս տեսաւ 1846-ին:

«Մինչեւ 1956 լոյս տեսած են 2000-էն աւելի թերթեր: Առաջին թերթը 28 բաժանորդ ունէր, այսօր մեր թերթերը 3500-էն մինչեւ 4000 օրինակ կը սպառեն:

«1860-1870 թուականներուն ռուսահայերը ունէին 5 թերթ, իսկ թրքահայերը` 29 թերթ: Այսօր արտասահմանի մէջ կը հրատարակուին 130 թերթեր: Մեծ մասը կը հրատարակուի Ամերիկայի մէջ, հակառակ անոր որ գաղութը կիսովին անգրագէտ է:

«Ամերիկա` 38 թերթ, Լիբանան` 29 թերթ, Թուրքիա` 13, Ֆրանսա` 12, Եգիպտոս` 4 եւ այլն:

«Հայաստանի մէջ կը հրատարակուին 48-50 թերթեր:

«Ինծի ամէնէն աւելի կը հետաքրքրէ լեզուին դերը մամուլին մէջ: Լեզուաբան մը, պատմագէտ մը, գրագէտ մը, ուսումնասիրող մը եթէ ուզէ հայ լեզուի ուսումնասիրութիւնը գրել, անպատճառ պիտի դիմէ մեր թերթերուն:

«Մեր թերթերուն միջեւ եղած պայքարը այսօր շատ բուռն է: Յոռետես եմ անոնց ունենալիք դրական արդիւնքին հանդէպ, այն աստիճան, որ եթէ յամառ բառը Յ-ով գրողներ եւ Հ-ով գրողներ ըլլան, պիտի տեսնէք, թէ Հ-ով գրողները պիտի յաղթանակեն:

«Ամէնէն նուիրականը ինծի համար, յանուն լեզուի եղած պայքարն է: Որովհետեւ լեզուն հոգեկան հայելի կը նկատեմ: Ի՞նչ կը մտածէին արդեօք մեզմէ առաջները:

«Գրիգոր Արծրունի 1868-ին կը գրէր. «Ես ոճին մեծ նշանակութիւն չեմ տալիս. թող լեզուն հասկանալի դառնայ, կը բաւէ»: Շատեր մօտաւորապէս նոյն կարծիքը ունէին: Հետեւանքը` լեզուն դարձաւ չոր:

«Լեզուի գեղեցկութիւնը արուեստ է, իսկ լեզուի ճշդութիւնը գիտութիւն: Եթէ մէկը գեղեցիկ կը գրէ, այդ չի նշանակեր, թէ անպատճառ ճիշդ կը գրէ: Կամ եթէ մէկը ճիշդ կը գրէ, այդ չի նշանակեր, թէ գեղեցիկ կը գրէ: Ո՛չ ճշդութիւնը պէտք է զոհել գեղեցկութեան եւ ո՛չ ալ գեղեցկութիւնը` ճշդութեան: Գեղեցիկ գրել եւ ճիշդ գրել, այս պէտք է ըլլայ գրողին իտէալը:

«Հին է, մինչեւ իսկ հնագոյն է լեզուի պայքարը:

«Գրաբարի եւ աշխարհաբարի պայքարը սկսաւ 1870-ական թուականներուն: Կային կատաղի գրաբարեաններ եւ կատաղի աշխարհաբարեաններ: Ատեն մը եղաւ, որ այս պայքարը շեղեցաւ իր ազգային հունէն եւ ստացաւ կրօնական բնոյթ: Կրօնը եւ լեզուն նոյնացած էին:

«Պերճախօս օրինակ մը: Ազգային ժողովին մէջ, Պոլիս, Մինաս Չերազ, որ աշխարհաբարեան մըն էր, փոխանակ տիարք ըսելու` կ՛ըսէ պարոններ: Գրաբարեան մը կ՛ըսէ. «Ալ անհաւատութեան վերջին աստիճանին հասած է»:

«Ազատական եւ պահպանողական հոսանքները բուռն պայքար կը մղէին նաեւ կովկասահայութեան մէջ:

«Հարց կու տամ հարիւր տարի առաջուան մեր աշխարհաբարը յառաջդիմե՞ց, թէ՞ յետադիմեց:

«Արեւմտահայ աշխարհաբարը ակնկալուածէն աւելի յառաջացաւ ճոխացաւ ու գեղեցկացաւ իր սկզբնական օրերուն իսկ: Սակայն ռուսահայոց հայերէնի լեզուն նոյն թափով չյառաջդիմեց: Արեւելահայ գրական լեզուն աննախընթաց վիճակի հասաւ միայն Տէրեանէն յետոյ, մինչեւ Չարենց, մինչեւ Յովհաննէս Շիրազ: Դարձաւ նուրբ, գեղեցիկ ու հայաշունչ լեզու մը:

«Այսօր պոլսահայ թերթերը կը ջարդեն մեր լեզուն, մասնաւորապէս «Մարմարա»-ն ու «Ժամանակ»-ը: Ամերիկահայ թերթերն ալ նոյնը կ՛ընեն:

«Արեւմտեան եւ արեւելեան բարբառներու բաժանումը եղաւ Ս. Նազարեանցի «Հիւսիսափայլ»-ին օրով եւ անոր ջանքերով: Աշխարհիկ լեզուն յաղթեց, սակայն պարտուեցաւ իբրեւ միութեան ազդակ:

«Չմտածեցին, թէ միութիւնը միայն արիւնի հարց չէ, այլ` լեզուի հարց: Եթէ քիչ մը հեռատես ըլլային, կ՛ունենայինք մէկ լեզու, մտածումի մէկ տեսակէտ:

«Աշխարհաբար լեզուի ստեղծման օրերուն 27 գաւառաբարբառ ունէինք. 8 կովկասահայ եւ 19 թրքահայ: Փոքր ջանքով մը կարելի էր այդ գաւառաբարբառներէն մէկը իբրեւ գրական լեզու ընդունիլ:

«Այսօր չկայ լուսաւորչական հայ, բողոքական հայ, կաթողիկէ հայ, այլ կան հայեր: Դաւանական հատուածականութիւնները վերցուեցան: Պէտք է վերցուին նաեւ լեզուական բաժանումները:

«Հիմա տեսակ մը տեղական հայրենասիրութիւն կայ եւ շփոթած ենք հայութիւնը: Երբ արեւելահայ կ՛ըսենք, մեզի համար կը թուի, թէ ուրիշ ժողովուրդ է: Եթէ արեւմտահայ կ՛ըսենք, ուրիշներու կը թուի տարբեր ժողովուրդ: Արեւելահայ գրականութիւնը ռուսական գրականութիւն կը կարծենք, իսկ արեւմտահայ գրականութիւնը ֆրանսական կամ անգլիական գրականութիւն:

«Հայ ըլլալէ ետք, պէտք է ըլլանք հայութիւն: Պէտք է վերնան այս բոլորը, ունենալու համար մէկ ժողովուրդ, մէկ հայ, մէկ լեզու եւ մէկ գրականութիւն:

«Կարծես հետամուտ ենք մեր ժողովուրդի մէջ տարբեր ազգեր հիմնելու: Այս հատուածականութիւնը պէտք է վերնայ եւ վերջ ի վերջոյ ըլլալիքը այս է»:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES