Լեզուներու Նահանջ. Կապ Մը` Կենսաբանական Այլազանութեան Եւ Լեզուական Կորուստի Միջեւ

ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ ՆԿԱՏԱԾ ԵՆ, ԹԷ ԿԵՆՍԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՈՒՍՏ ԱՅԼԱԶԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՅԱՏԿԱՆՇՈՒԱԾ ՇՐՋԱՆՆԵՐ ՆԱԵՒ ՀԱՐՈՒՍՏ ԵՆ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԱՅԼԱԶԱՆՈՒԹԵԱՄԲ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄԸ, ՈՐ ՍԱԿԱՅՆ ԿԸ ԿԱՐՕՏԻ ԱՒԵԼԻ ԼԱՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ:

Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ լեզուական եւ մշակութային այլազանութիւնը կապ ունի կենսաբանական այլազանութեան կորուստին հետ:

Ուսումնասիրութեան հեղինակները կ՛ըսեն, թէ աշխարհի լեզուներուն 70 առ հարիւրը կը գտնուի երկրագունդին ամէնէն աւելի կենսաբանական այլազանութեամբ յատկանշուած շրջաններուն մէջ:

Տուեալներ կ՛ապացուցեն, թէ մինչ կենսաբանական այլազանութեամբ յատկանշուած այս ուշագրաւ միջավայրերը ժամանակի ընթացքին փճացած են, միաժամանակ կորսուած են հոն ծաղկած մշակոյթներն ու լեզուները:

Ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրատարակուած են Միացեալ Նահանգներու Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պաշտօնաթերթ «Փրոսիտինկզ աֆ տը Նեշընըլ Աքատըմի աֆ Սայընսըզ» թերթին մէջ:

«Կենսաբաններու գնահատումով,` այսօր անասնատեսակներու եւ բուսատեսակներու տարեկան կորուստը հազարապատիկ է` բաղդատած պատմական ժամանակներու համեմատութիւններու, իսկ լեզուագէտներ կը նախատեսեն, թէ աշխարհի լեզուներուն 50-90 առ հարիւրը պիտի անհետանայ մինչեւ այս դարու վերջը», կը գրեն ուսումնասիրողները:

Ուսումնասիրութեան գլխաւոր հեղինակ, Միացեալ Նահանգներու Փեն համալսարանի դասախօս Լերի Կորենֆլօ կ՛ըսէ, թէ նախապէս ուսումնասիրութիւններ ի յայտ բերած են աշխարհագրական կապ մը այս երկուքին միջեւ, սակայն ցոյց չեն տուած անհրաժեշտ մանրամասնութիւները:

Կորենֆլօ կը բացատրէ, թէ տուեալներու սահմանափակ բնոյթին պատճառը այն է, թէ լեզուները ցանկագրուած են զանոնք գործածող երկիրներուն համաձայն, կամ` աշխարհի քարտէսին վրայ կէտ մը ցոյց տուած է անոնց վայրը:

«Սակայն չէինք գիտեր, թէ տուեալ շրջանը կը տարածուէր երկո՞ւ քիլոմեթրի վրայ, թէ՞ 200: Հետեւաբար մեզի համար անծանօթ էր տուեալ լեզուին գործածութեան տարողութիւնը», կը բացատրէ ան:

«Օգտագործեցինք լեզուներու մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ, աւելի լաւ հասկնալու համար, թէ ինչո՛ւ լեզուներն ու կենսաբանական այլազանութիւնը միատեղ գոյութիւն ունեցած են, ինչպէս նաեւ ցուցաբերեցինք լեզուներու գործածութեան աշխարհագրական տարողութեան աւելի լայն հասկացողութիւն մը»:

Կորենֆլօ կ՛ըսէ, թէ ուսումնասիրութիւնը յաջողած է այս մօտեցումը կիրարկել` իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձնելով կենսաբանական հարուստ այլազանութեամբ յատկանշուած շրջաններ, ինչպէս` բնութեան պահպանուած տարածքներ եւ ազգային հարստութիւն հռչակուած միջավայրեր:

«Երբ սկսանք այս հայեցակէտով գործել, ոչ միայն նկատեցինք, թէ այս երկուքը միատեղ գոյութիւն ունին շրջանային մակարդակի վրայ, այլ նաեւ անդրադարձանք, թէ միատեղ գոյութիւնը ներկայ էր նաեւ աւելի սեղմ մակարդակի վրայ», կը բացատրէ ան:

«Տակաւին չենք գիտեր, թէ ինչո՛ւ գոյութիւն ունի այս կապը: Սակայն բազմաթիւ պարագաներու իրողութիւնը հաւանաբար այն է, թէ կենսաբանական այլազանութիւնը եղափոխուած է իբրեւ մշակութային այլազանութեան մէկ մասը, ինչպէս նաեւ` տեղի ունեցած է հակառակը»:

Ուսումնասիրողները իրենց տեղեկագիրին մէջ կը նշեն, թէ աշխարհի վրայ խօսուած աւելի քան 6900 լեզուներէն աւելի քան 4800-ը ի յայտ եկած է կենսաբանական հարուստ այլազանութեամբ յատկանշուած շրջաններու մէջ:

Կորենֆլօ նման շրջաններ կը նկարագրէ իբրեւ «շատ կարեւոր բնութեան տարածքներ, որոնց թիւը հետզհետէ կը նուազի»: Սակայն ան կ՛աւելցնէ, թէ ուսումնասիրութեան ընձեռած տուելաները կրնան նպաստել աւելի երկար ժամանակի վրայ անոնց պահպանութեան:

«Մեր տուեալները հրաշալի առիթ մը կու տան համարկելու պահպանութեան ճիգերը: Օրինակ, մարդիկ կրնան ստանալ նիւթական օգնութիւն` պահպանելու համար կենսաբանական այլազանութիւնը, եւ անոնք կրնան գործակցիլ անձերու հետ, որոնք նիւթական օգնութիւն կը ստանան` լեզուական կամ մշակութային պահպանութեան համար»:

«Անցեալին կենսաբաններ դժուար թէ կեդրոնանային մարդկային իրավիճակներու վրայ: Այս մօտեցումը շրջուած է վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին: Այժմ կենսաբաններ եւ միջավայրի մասնագէտներ կ՛անդրադառնան, թէ մարդիկ մաս կը կազմեն ֆիզիքական միջավայրի մը մէջ ապրող մարմիններու եւ բնութեան փոխյարաբերութեան», կը նշէ ան:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES