Լեզուներու Նահանջ. Իտալական Համալսարան Մը Կ՛Որդեգրէ Անգլերէնը

«Մեր հայրենակիցներուն հետ իտալերէն խօսիլը կը նմանի դիտելու գունաւոր, շատ լաւ նկարուած եւ յստակ պատկերներով ժապաւէն մը: Մինչդեռ անոնց հետ անգլերէն խօսիլը, նոյնիսկ երբ մեր լաւագոյն ճիգերը ի գործ դնենք, կը նմանի դիտելու սեւ ու ճերմակ ժապաւէն մը շատ վատ նկարուած եւ աղօտ պատկերներով», կ՛ըսէ Էմիլիօ Մաթրիչիանի, որ կոչ կ՛ուղղէ ազատ դասաւանդութեան:

ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴՈՒՌ ՄԸ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ, ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿՈՐՈՒՍՏԻ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՍՐԻՆ, ՄԻՆՉ ԲԱՐՁՐ ՎԱՐԿ ՎԱՅԵԼՈՂ ՓՈԼԻԹԵՔՆԻՔՕ ՏԻ ՄԻԼԱՆՈՆ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ, ԹԷ ՊԻՏԻ ՀՐԱԺԱՐԻ ՄԱՅՐԵՆԻԷՆ ԵՒ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ ԱՆԳԼԻԱԽՕՍ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ ՄԸ: ՊԱՏՃԱ՞ՌԸ. ԽՈՒՍԱՓԻԼ ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄԷ ԵՒ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵԼ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՅԱՏԿԱՆՇՈՒԱԾ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՓՈԹՈՐԻԿԸ:

Լա Սքալա օփերայէն մինչեւ Սան Սիրօ ֆութպոլի մարզադաշտը, վերջին նորոյթներու ցուցադրութենէն մինչեւ իր մայր եկեղեցիին աշտարակուող ճարտարապետութիւնը` Միլանոն լեցուն է իտալական կուռքերով:

Հետեւաբար նոյնինքն այս պատճառով մշակութային երկրաշարժի պէս բան մը կը պատահի, երբ Իտալիոյ առաջատար համալսարաններէն` Փոլիթեքնիքօ տի Միլանոն կը հրաժարի իտալերէնէն եւ կ՛որդեգրէ անգլերէնը:

Համալսարանը կը յայտարարէ, թէ 2014-էն սկսեալ իր գլխաւոր դասանիւթերը, ներառեալ` մասնագիտական դասանիւթերը,  ամբողջութեամբ պիտի դասաւանդուին եւ արժեւորուին անգլերէնով, եւ ոչ` իտալերէնով:

Համաշխարհայնացումի ջուրերը կը բարձրանան համալսարանական կրթութեան շուրջ, եւ Փոլիթեքնիքօ տը Միլանոյի պատասխանատուները կը հաւատան, որ եթէ շարունակեն իտալերէնով դասաւանդել, հաստատութիւնը պիտի դիմագրաւէ մեկուսացումի վտանգը եւ պիտի չկարենայ մրցիլ իբրեւ միջազգային հաստատութիւն մը:

«Խորապէս համոզուած ենք, թէ մեր դասարանները պէտք է դառնան միջազգային դասարաններ, իսկ միջազգային դասարաններ ունենալու միակ ձեւը անգլերէնի գործածութիւնն է», կ՛ըսէ համալսարանին տնօրէնը` Ճիովաննի Ածծոնի:

Ժամանակին Իտալիա համաշխարհային վերջին հզօր լեզուին` լատիներէնին օրրանն էր, սակայն այժմ այս համալսարանը կը ծրագրէ որդեգրել անգլերէնը` իբրեւ հասարակաց նոր լեզուն:

Փոփոխութեան Դուռ Մը

«Այժմ համալսարանները կը գտնուին շատ աւելի մրցակցութեամբ յատկանշուած աշխարհի մը մէջ: Եթէ կ՛ուզես մաս կազմել համաշխարհային վարկ վայելող համալսարաններու ցանկին, այլ ընտրանք չունիս», կ՛ըսէ Ածծոնի:

Ճիովաննի Ածծոնիի համաձայն, պէտք է ընտրութիւն մը կատարել մեկուսանալու կամ` իբրեւ համաշխարհային համալսարան մրցելու միջեւ:

Ան կը բացատրէ, թէ իր գլխաւորած համալսարանին փորձը «փոփոխութեան դուռ մը պիտի բանայ այլ համալսարաններու համար», եւ կը նախատեսէ, թէ 5-10 տարիէն համաշխարհային ձգտումներ փայփայող իտալական այլ համալսարաններ եւս պիտի փոխեն իրենց դասաւանդումի լեզուն եւ պիտի որդեգրեն անգլերէնը:

Փոլիթեքնիքօ տի Միլանոն քաղաքին ամէնէն հին համալսարաններէն է եւ առաջատար հաստատութիւն մըն է գիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ճարտարապետութեան բնագաւառներուն մէջ: Նոյնիսկ տուած է Նոպէլեան մրցանակակիր մը: Իտալիոյ մէջ երեք ճարտարապետէն մէկը կը հպարտանայ, թէ շրջանաւարտ է այս համալսարանէն: Հետեւաբար լեզուի փոփոխութեան քայլը շատ յատկանշական է:

Սակայն ի՞նչ է մշակութային այս փոփոխութեան խթանը: Արդեօք անիկա մտաւորական մէկ տարբերա՞կն է ԱՊՊԱ-ի նման անգլերէնով երգող փոփ խումբերու` աւելի լայն շուկաներու հասողութիւն ունենալու համար:

Ածծոնէ կը բացատրէ, թէ համալսարանը կը ձգտի հասողութիւն ունենալ գաղափարներու ամէնէն ընդարձակ շուկաներուն, եւ թէ` անգլերէնը դարձած է բարձր կրթութեան լեզուն, մանաւանդ` գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան մէջ:

«Պիտի նախընտրէի, որ հասարակաց լեզուն ըլլար իտալերէնը: Գործս պիտի դիւրանար: Սակայն պէտք է ընդունինք կեանքի իրականութիւնը», կ՛ըսէ ան:

Ան կը հաւատայ, որ երբ անգլերէնը միջազգային առեւտուրի լեզուն է, ապա անգլերէնով սորվիլը կը նպաստէ, որ ուսանողներ եւ շրջանաւարտներ աւելի դիւրին գործ գտնեն:

Կ՛ապրինք քուրիքուլում վիթէի (անձի մը ուսման եւ աշխատանքի ամփոփ պատկերը) օրերը եւ ոչ` տոլչէ վիթայի (քաղցր կեանք):

«Մեր ուսանողներուն համար շատ կարեւոր է ունենալ ոչ միայն արհեստագիտական շատ լաւ կարողութիւններ, այլ նաեւ աշխատելու կարելիութիւն` միջազգային շրջանակներու մէջ», կ՛ըսէ Ածծոնէ:

Արդի Ժամանակներու Լատիներէնը

Անգլերէնը իբրեւ գլխաւոր լեզու որդեգրելու գլխաւոր այլ խթան մըն է արտասահմանէն, ներառեալ` անգլիայէն եւ ոչ անգլիախօս երկիրներէ ուսանողներ եւ ուսումնասիրողներ ներգրաւելու պահանջը:

Անթոնելլօ Քերուպինի մտավախութիւն կը յայտնէ, որ իտալական ուսման որակը ճանաչում չի վայելեր:

«Շատ հպարտ ենք մեր քաղաքով եւ մշակոյթով, սակայն կը գիտակցինք, թէ իտալերէնը խոչընդոտ մըն է մեր համալսարանները մուտք գործելու արտասահմանի ուսանողներուն համար», կ՛ըսէ Ածծոնէ` մասնաւորելով Չինաստանի եւ Հնդկաստանի նման երկիրներէ ուսանողներ ներգրաւելու հարցը:

«Կրնանք ունենալ իտալացի ուսանողներ, որոնք կրնան ուսանիլ իտալական մշակոյթի մը մէջ, սակայն` միջազգային լեզուով մը», կ՛ըսէ Ածծոնէ:

Կարելի չէ անտեսել նաեւ համալսարաններու մակարդակները ցոյց տուող ցուցակներու հետզհետէ աճող ներգործութիւնը: Նոյնիսկ երբ ակադեմականներ հարցականի տակ կ՛առնեն անոնց առարկայականութիւնը, մէկ բան յստակ է, թէ անոնք հետզհետէ կարեւոր տեղ կը գրաւեն համալսարաններ ծանուցելու մէջ:

Իսկ անգլերէնի գործածութիւնը, մասնաւորաբար` ուսումնասիրական աշխատանքներու մէջ, կը նպաստէ համալսարաններու միջազգային դասաւորումներուն մէջ աչքառու տեղ գրաւելու:

Սակայն Ածծոնէ նաեւ կը մատնանշէ տնտեսական աւելի մեծ աշխարհագրական գործօն մը` բարձր կրթութեան բնագաւառին մէջ:

Եւրոպական համալսարանները կը դիմագրաւեն մրցակցող երկու ուժերու միջեւ թակարդուելու վտանգը, մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներու տիտանական կառոյցներուն, միւս կողմէ` Ասիոյ մէջ ծաղկող երկիրներուն:

Համաշխարհային Մրցակցութիւն

Ածծոնէի համաձայն, ընտրութիւնը յստակ է. մեկուսանալ եւ դառնալ գաւառային կառոյց մը, կամ` փորձել մրցիլ ակադեմական աշխարհի գերուժերուն հետ: Ան կը վիճի, թէ մրցելու համար պէտք է եւրոպական համալսարանները գործակցութիւն ցուցաբերեն:

«Պէտք է ստեղծենք այն տպաւորութիւնը, թէ մեռնող երկիր մը չենք: Սակայն այնքան հսկայական երկիր մը չենք, որ ունենանք նուազագոյն կշիռ մը: Կարիքը ունինք հզօր համալսարաններու եւրոպական միութեան մը», կ՛աւելցնէ ան:

Դասաւանդումի լեզուն անգլերէնի փոխելը կը ստեղծէ նոր դասագիրքերու, նոր դասախօսութիւններու եւ նոր դասանիւթերու կարիքը: Համալսարանը շուրջ 3 միլիոն եւրոյի կարիքը ունի` ակադեմական նոր պաշտօնէութիւն մը կազմելու համար:

Սակայն արդեօք այստեղ կը վճարուի նաեւ մշակութայի՞ն գին մը: Փիացա Լէոնարտօ տա Վինչիի վրայ ամրան եղանակի առաջին օրերու մեղմ գոյներով, հանրակառքի եւ մոթորսիքլեթներու ձայներով շրջապատուած համալսարանը այժմ պիտի սկսի արձագանգել միջազգային անգլերէնով:

Լեզուական այս փոփոխութեան ընդդիմադիր ակադեմականներ ձեռնարկած են բողոքի նամակներու արշաւի մը եւ կ՛ըսեն, թէ արդէն կը վայելեն զօրակցութիւնը շուրջ 300 դասախօսներու եւ օգնական դասախօսներու:

Դասախօս Էմիլիօ Մաթրիչիանի ձեռնարկած է ազատ դասաւանդութեան արշաւի մը եւ կը բողոքէ` ըսելով , թէ իտալական հանրային համալսարանի մը համար սկզբունքով սխալ է իր ուսանողներուն եւ դասախօսներուն պարտադրել անգլերէնի գործածութիւնը:

Ան կ՛ըսէ, թէ ուսուցումի եւ սորվելու գործընթացին մէջ ճշգրտութիւնն ու որակը բան մը կը կորսնցնեն թարգմանութեան պարագային, երբ դասախօսներն ու ուսանողները կը գործածեն երկրորդ լեզու մը:

«Մեր հայրենակիցներուն հետ իտալերէն խօսիլը կը նմանի դիտելու գունաւոր, շատ լաւ նկարուած եւ յստակ պատկերներով ժապաւէն մը: Մինչդեռ անոնց հետ անգլերէն խօսիլը, նոյնիսկ երբ մեր լաւագոյն ճիգերը ի գործ դնենք, կը նմանի դիտելու սեւ ու ճերմակ ժապաւէն մը, շատ վատ նկարուած եւ աղօտ պատկերներով», կ՛ըսէ Մաթրիչիանի:

Սակայն ակներեւ է, թէ անգլերէնը արդէն որքա՛ն տիրական է Միլանոյի մէջ:

Միլանոյի գետնուղիին եւ երկաթուղիին երկայնքին զետեղուած ծանուցումները գրուած են իտալերէնով եւ անգլերէնով: Համացանցի վրայ իտալական կայքէջեր կ՛ընձեռեն անգլերէն տարբերակներ: Համալսարանին մէջ աշխատանքի կարելիութիւններու յատուկ տաղաւար մը կը ծանուցուի անգլերէն պաստառներով, որոնց վրայ գրուած է «Քըրիր տէյ» (ասպարէզի օր):

Իտալական Գործ, Անգլերէն Բառեր

Ուժանիւթի ճարտարագիտութեան մարզին մէջ մագիստրոսի վկայականի պատրաստուող ուսանող Աննա Ռէալինի կ՛ըսէ, թէ իտալական ընկերութեան մը մէջ իր փորձառական վարժութեան ընթացքին պարտաւոր է անգլերէնով գրել իր ե-նամակները, եւ թէ` քննադատութիւններ կը լսէ, երբ իտալերէն կը գործածէ:

Սակայն ան համաձայն է, որ անգլերէն որդեգրելը պիտի նպաստէ աշխատանքի իր հեռանկարներուն. «Համաձայն եմ ընտրանքին… Աւելի լաւ է, երբ մեր համալսարանը մեզի կ՛ընձեռէ մեր գիտութիւնը ամբողջ աշխարհի տարածքին գործածելու միջոցները»:

Ուսանող մը` Աննա Ռէալինի կ՛ըսէ, թէ անգլերէնով տրուած համալսարանական ուսումը պիտի նպաստէ, որ ուսանողներ կարենան աշխատանքի կարելիութիւններ գտնել միջազգային ընկերութիւններու մէջ:

Ան նաեւ կ՛ըսէ, թէ իտալացի ուսանողներու համար աւելի նպաստաւոր է ուսանիլ միջազգային միջավայրի մը մէջ` առանց վճարելու արտասահմանի մէջ ուսանելու գինը:

Ելեկտրական ճարտարագիտութեան ուսանող Լուքա Մաճիոլինի Քաչամանի նոյնպէս կ՛ընդունի լեզուական փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը: «Այսօր անգլերէնը հասարակաց նոր լեզուն է: Կը սիրենք մեր լեզուն, սակայն կը նկատենք, թէ կարեւոր է հասարակաց լեզուի մը գործածութիւնը, երբ կը փոխանակենք մեր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները: Հետեւաբար լաւ գաղափար մըն է»:

Սակայն «լուրջ մտավախութեան» մը ահազանգը կը հնչեցնէ մեքենական ճարտարագիտութեան ուսանող Անթոնելլօ Քերուպինի, որ կ՛ըսէ, թէ Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ուսանելէ ետք անդրադարձած է իտալական ուսուցման ուժին: Ան կ՛ուզէ զայն պահպանել կորուստէ:

«Իտալացի ուսանողներս յաճախ չենք անդրադառնար, թէ որքա՛ն լաւ ենք: Լեզուական փոփոխութիւնը մտահոգիչ է, հաղորդակցութեան մեր հիմնական միջոցը` լեզուն կրնայ վտանգուիլ», կ՛ըսէ ան:

Պէտք է երաշխաւորուի դասախօսներու կողմէ անգլերէնի գործածութեան լաւ մակարդակը, կ՛աւելցնէ ան:

Համաշխարհային Հոլովոյթ

Միլանոյի այս համալսարանին մէջ անգլերէնը իբրեւ ուսուցման լեզու որդեգրելու քայլը ցայտուն մէկ օրինակն է աւելի համատարած հոլովոյթի մը:

Հիւսիսային եւ կեդրոնական Եւրոպայի տարածքին հետզհետէ կը բազմանան անգլերէնով դասաւանդուած մասնագիտական դասանիւթերը:

Փոլիթեքնիքօ տի Միլանօ համալսարանին մէջ «Ասպարէզ մը ընտրելու օրերը» կը ծանուցուին անգլերէն պաստառներով:

Եւրոպայի տարածքին բարձր կրթութեան հիմնարկներու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ հաւաքող Տը լա Քուր Քոմիունիքասիոն հաստատութեան հիմնադիր Նիք Միչըլի համաձայն, այժմ եւրոպական ցամաքամասի համալսարաններուն մէջ անգլերէնով կը դասաւանդուին աւելի քան 4500 մասնագիտական դասանիւթեր:

Երեւոյթը աւելի լայն տարածում գտած է Ասիոյ մէջ, ուր Հարաւային Քորէայի նման երկիրներ սկսած են շատ աւելի անգլերէն գործածել համալսարաններու մէջ:

«Կասկած չկայ, թէ անգլերէնը իբրեւ դասաւանդումի լեզու` շատ արագ կ՛ընդարձակուի աշխարհի տարածքին», կ՛ըսէ Պոսթըն Քոլեճի Միջազգային բարձր կրթութեան կեդրոնի տնօրէն Ֆիլիփ Ալպախ:

Ալպախի համաձայն, այս երեւոյթը կ՛ընթանայ համալսարաններու եւ պետութիւններու միջազգայնանալու ճիգին զուգահեռ:

Սակայն ան նաեւ կը նշէ, թէ այս ուղղութիւնը պիտի պատճառէ հաւանական կորուստներ:

«Շատ աւելի նուազ պիտի գրուի տեղական լեզուներով եւ մշակոյթը կրնայ տկարանալ: Շատ աւելի նուազ թիւով դասագիրքեր լոյս պիտի տեսնեն տեղական լեզուներով: Մտաւորական կեանքը կրնայ տուժել», կ՛ըսէ ան:

Բարձր կրթութիւն առանց սահմանի դիտարկութեան կեդրոնի տնօրէն Ուիլիըմ Լոթընի համաձայն, պետութիւններ կ՛արագացնեն անգլերէն գործածութեան ընդհանրացումը, որովհետեւ կը ձգտին ստեղծել կրթական շրջանային օճախներ:

Երբ Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ տարածքին կը հաստատուին անգլերէնի վրայ հիմնուած ուսումնասիրական կեդրոններ, որոնք յաճախ կապուած են արտասահմանի մէջ համալսարաններու, անոնց գործածած լեզուն բնականաբար կը դառնայ անգլերէնը:

Ածծոնէ կ՛ըսէ, թէ լեզուական փոփոխութիւնը կենսական որոշում մըն է իր գլխաւորած համալսարանին համար:

«Չափազանց կարեւոր է: Ներկայիս մեր դիմաց ունինք երկու ընտրանք. առաջին` մեկուսանալ` մեր սեփական երկրին մէջ, ինչ որ իրապաշտ լուծում մը չէ համաշխարհայնացած այս աշխարհին մէջ, եւ երկրորդ` բացուիլ աշխարհին, կարենալ աշխատիլ միջազգային պարունակի մէջ: Մեր համալսարանը պէտք է հասկնայ այս մէկը, այլապէս մեր երկիրը կը մատնուի մեկուսացումի, ինչ որ անտանելի է Իտալիոյ նման երկրի մը համար»:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES