Ճատրակ. Լիբանանի 18 Եւ 20 Տարեկանէն Վար Տարիքային Ախոյեանութիւն. Արձանագրութեան Վերջին Պայմանաժամ` Կիրակի, 10 Յունիս

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց մասնակցութիւնը բերել Լիբանանի ճատրակի 18 եւ 20 տարեկանէն վար տարիքային ախոյեանութեան, իրենց անունները արձանագրելու համար պէտք է կապ հաստատեն հեռաձայնելով հետեւեալ թիւին. 03-300166:

Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է կիրակի, 10 յունիս, երեկոյեան ժամը 20:00-ը:

Նշենք, որ ախոյեանութեան կայացման թուականը եւ վայրը ֆետերասիոնը պիտի յայտարարէ մօտիկ ապագային:

 

Share this Article
CATEGORIES