Ճատրակ. Հայաստան Կ՛ուզէ Հիւրընկալել 2014-Ի Եւրոպայի Տղոց Ախոյեանութիւնը

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս դիմած է Եւրոպայի ճատրակի ֆետերասիոնին` առաջարկելով հիւրընկալել Եւրոպայի 2014-ի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութիւնը:

Կը նախատեսուի Երեւանի մէջ հիւրընկալուելիք այս մրցաշարքը նուիրել Տիգրան Պետրոսեանի յիշատակին` նկատի ունենալով, որ 2014-ը կը զուգադիպի աշխարհի 9-րդ ախոյեանին ծննդեան 85-ամեակին, կը հաղորդէ armchess.am:

 

Share this Article
CATEGORIES