Հայաստան – Ղազախստան Մրցումին Տոմսերը Կը Շարունակուին Ծախուիլ
Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 5 յունիսին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, տեղի պիտի ունենայ Հայաստան – Ղազախստան ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը` Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը յայտնէ, որ այս մրցումին տոմսերը կը շարունակուին ծախուիլ ճշդուած կեդրոններուն մէջ:
Հիւսիսային եւ հարաւային թրիպիւններուն գիները 3000 դրամ են, իսկ արեւելեան եւ արեւմտեան թրիպիւնները` յաջորդաբար 5000 եւ 8000 դրամ:
CATEGORIES Մարզական

