2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի. Կիրակի, 3 Յունիսին` Լիբանան – Քաթար Մրցումը
Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի Դ. եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 3 յունիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը Մարզական աւանին մէջ պիտի հիւրընկալէ Քաթարը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Ինչպէս ֆետերասիոնը նախօրօք յայտարարած էր, այս մրցումին տոմսերը կը վաճառուին իր կեդրոնատեղիին մէջ եւ Մարզական աւանին կիշէէն: Անոնք կը վաճառուին այլ վաճառատուներու մէջ ալ, որոնց կարգին` Raffi sport:
Մրցումին սակերն են 10, 25 եւ 50 հազար լիբանանեան ոսկի: Պատուոյ թրիպիւնին տոմսերը (100 հազար լիբանանեան ոսկի) յատուկ հրաւէրներ պիտի ըլլան միայն եւ ոչ թէ ծախու պիտի դրուին:
Լիբանանի համար մրցումին արդիւնքը եւ մրցակիցէն երեք կէտ խլելը կը նկատուին կարեւոր:
Անոր կարեւորութիւնը շեշտելով` ֆետերասիոնը կ՛ըսէ, որ անոր ներկայ գտնուիլ փափաքողները դաշտ պէտք է ուղղուին միայն լիբանանեան դրօշակով` իրենք զիրենք ամբողջութեամբ հեռու պահելով յարանուանական եւ կուսակցական ամէն տեսակի կոչերէ եւ բացագանչութիւններ արձակելէ:
Նշենք, որ դաշտին դռները պիտի սկսին բացուիլ յետմիջօրէի ժամը 15:30-էն սկսեալ:

