Այսօր` Յունաստան – Հայաստան Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` հինգշաբթի, 31 մայիսին, տեղի կ՛ունենայ Յունաստան – Հայաստան հանդիպումը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Աւստրիոյ մէջ, պիտի սկսի ժամը 21:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Այս մրցումին գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ աւստրիացի Ալեքսանտր Հերքամ: 30 տարեկան Հերքամ Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ Գ. կարգի իրաւարար է: Ան ընդհանրապէս կը սուլէ Աւստրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները:
Ան իր վերջին մրցումը սուլեց 28 մայիսին, երբ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին իրարու դէմ մրցեցան Հայաստան եւ Իտալիա: Ան հայրենի կազմին մարզիկներուն տուաւ հինգ դեղին քարտ, ինչպէս նաեւ երկու անգամ գործածեց իր կարմիր քարտը` Էդուարդ Թաթոյեանի եւ Գրիգոր Յովհաննիսեանի դէմ:
CATEGORIES Մարզական

