Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մարզական Յանձնախումբին Տարեկան Երկրորդ Ընթրիքը
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական յանձնախումբը կազմակերպեց տարեկան իր ընթրիքը «Լոս» ճաշարանին մէջ (Այն Սաատէ)` ներկայութեամբ քաղաքական անձնաւորութիւններու, պատասխանատուներու եւ մարզական լրագրողներու:
Այս ընթրիքին ներկայ էին զօր. Միշել Աուն, նախարար Ժըպրան Պասիլ, երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Սիմոն Ապի Ռամիա, Նեպիլ Նիքոլա, Ալեն Աուն, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Թոնի Խուրի, այլ ֆետերասիոններու նախագահներ եւ ներկայացուցիչներ, տարբեր քաղաքական կազմակերպութիւններու եւ ակումբներու մարզական պատասխանատուներ եւ հրաւիրեալներ:
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ բացակայ էր` Թրիփոլիի մէջ ապահովական անկայուն վիճակին պատճառով: Բացակայ էր նաեւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, ճամբորդած ըլլալուն պատճառով:
Նշենք, որ այս ընթրիքին ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչն էր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան:
Ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքը ուղղեց յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Տինա Նասսար, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց տարուան մը աշխատանքը:
Ապա խօսք առաւ յանձնախումբի նախագահ Ժիհատ Սալամէ, որ ըսաւ, թէ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով այս ընթրիքին կայացումը լաւագոյն ապացոյցն է, որ անիկա հետզհետէ աւելի ժողովրդականութիւն կը գտնէ:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ զօր. Միշել Աուն, որ շնորհաւորելէ ետք Շանվիլը, Անիպալը եւ Շեպիպեթ Պաուշրիէն, յոյս յայտնեց, որ մարզական որեւէ տեսակի մրցում զերծ մնայ ամէն տեսակի քաղաքական միջամտութենէ, ինչպէս նաեւ հեռու` ցեղապաշտական եւ համայնքային բնոյթի խօսքերէ եւ բացագանչութիւններէ:
Աւարտին Սալամէ եւ յանձնախումբին անդամները քրիսթալէ պատրաստուած յատուկ բաժակ մը նուիրեցին զօր. Միշել Աունի:



