Ալեքսիա – Մարիա Աւագեան` Լիբանանի Թեքուանտոյի Ախոյեան

Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի կազմակերպութեամբ Տըքուենէի «Էմիլ Լահուտ» մարզական համալիրին մէջ տեղի ունեցան սեւ գօտի կրող 14 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջիկներու Լիբանանի թեքուանտոյի ախոյեանութեան մրցումներ:

Ֆետերասիոնի նախագահին եւ անդամներուն ներկայութեան տեղի ունեցած մրցումներուն մասնակցեցան 21 ակումբներէ 138 մարզիկներ: Ուրախալի եւ հպարտութիւն ներշնչող է, որ ամէնէն փոքրերուն ախոյեանութիւնը խլեց 9 տարեկան Ալեքսիա – Մարիա Աւագեանը (28 քիլոկրամ):

Աւարտին տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ մետալներու տուչութիւն:

Share this Article
CATEGORIES