Փաքիստանի Շիիները Կը Վախնան Համայնքային Յարձակումներէ

Փաքիստանի շիիները համոզուած են, որ կառավարութիւնը բաւարար ճիգ չ՛ըներ վերջ դնելու յարձակումներուն

Փաքիստանի մէջ համայնքային վայրագութեան աճը, վերջին տարիներուն հարիւրաւոր զոհեր խլած է:

Բազմաթիւ յարձակումներ կեդրոնացած են հիւսիսային շրջաններու եւ Պալուչիստան նահանգին մէջ:

Շիիներ եւ այլ փոքրամասնութիւններ կ՛ըսեն, թէ այս վայրագութիւններուն ետին կանգնողները (ինչպէս սիւննի արգիլեալ զինեալ կազմակերպութիւնը` Լաշքար-ի-Ճանկուի) հազուադէպօրէն կը ձերբակալուին կամ կը պատժուին:

Պի. Պի. Սի.-ի ուրտու լեզուով հաղորդումի անձնակազմէն Ապպաս Նոշին խօսեցաւ շիիներու հետ, որոնք մնացած են վայրագութիւններու միջեւ եւ որոշած են մեկնիլ անվտանգ Իսլամապատ:

Նիազ Ալի, 30 տարեկան, բարգաւաճման մարզի աշխատաւոր,
որ կը ճամբորդէ Փաքիստանի հիւսիսային շրջաններու մէջ`
Իսլամապատի եւ Սքարտուի միջեւ.

«Ես հանրակառքի մը մէջ էի, երբ կանգնեցուցին Չիլաս քաղաքին մէջ եւ շիիները առանձնացուցին, ապա սպաննեցին: Ես Իսլամապատէն Սքարտու կը վերադառնայի: Չեմ գիտեր, թէ ես ինչպէ՛ս փրկուեցայ, տրուած ըլլալով, որ շիի եմ, բայց որեւէ պատճառով անոնք իրարու միջեւ կը քննարկէին, թէ իրենք ինչպէ՛ս պիտի սպաննեն Կիլկիտէն, այլ ոչ թէ Սքարտուէն եկող շիիները:

«Մարդ մը փորձեց վազել, փախչիլ, բայց կրակեցին եւ սպաննեցին: Այլ ծեր մարդ մը մեռաւ տեղւոյն վրայ, երբ խոշոր քար մը նետեցին անոր երեսին: Դուք նոյնիսկ անասունները չէք ծեծեր այն ձեւով, որ այս մարդիկը խոշտանգուեցան: Այս բոլորը պատահեցան ճիշդ ոստիկաններուն առջեւ, որոնք հոն էին:

«Այլեւս ապահով չէ ճամբաներէն անցնիլը: Այժմ` իւրաքանչիւր հանրակառքի հետ երկու ոստիկան կը ղրկեն, բայց չեմ կարծեր, որ ատիկա բան մը կը փոխէ:

«Դուք բնաւ չէք գիտնար, թէ ողջ պիտի մնա՞ք դէպի Սքարտու ճամբուն վրայ, որ միակն է: Ուղեւորներուն մեծամասնութիւնը ուսանող է, որովհետեւ Սքարտուի մէջ ուսումնական լաւ հաստատութիւններ չկան: Իմ ընտանիքս այժմ ինծի արգիլած է ցամաքի ճամբով մեկնիլ, ուրեմն ես օդանաւով կը ճամբորդեմ, սակայն ամէն ոք չի կրնար ատիկա ընել:

«Փաքիստանի կառավարութիւնը այստեղի ժողովուրդին համար ոչինչ կ՛ընէ: Անոնք բնաւ չեն ձերբակալեր այն մարդիկը, որոնք մեզ կը սպաննեն, ուրեմն կառավարութիւնը կա՛մ կ՛աջակցի անոնց, կա՛մ ալ հոգը չէ, հետաքրքրուած չէ»:

Ֆարիշաթ Տայտերի, 20 տարեկան, ուսանող, ազգութեամբ հազարա,
Պալուչիստանի մայրաքաղաք Քուէթթայէն.

«Քուէթթայի մէջ կեանքը տարբեր էր: Իրավիճակը այժմ վատ է: Շատ սարսափ կայ: Մենք նոյնիսկ շուկայ չենք կրնար երթալ, ոչ ալ` մեր տուներուն մօտ գտնուող խանութները, որովհետեւ կը վախնանք, որ թիրախ կրնանք դառնալ: Մեզ զգուշացուցած են, որ բոլոր Հազարա տղամարդիկ պիտի սպաննուին: Նոյնիսկ կիները այժմ կը սպաննուին:

«Մենք կ՛ուզենք անվտանգ վայր մը ապրիլ: Մենք խաղաղութիւն սիրող մարդիկ ենք եւ կ՛ուզենք, որ մեզի հետ վարուին բնական մարդու նման: Եթէ ներկայ կացութիւնը շարունակուի, անկարելի պիտի ըլլայ Քուէթթայի մէջ ապրիլ: Ժողովուրդը այժմ կը տեղափոխուի Աֆղանիստան եւ այլ օտար երկիրներ:

«Ընկերներէս մէկը թիրախ դարձաւ, երբ շուկայ մեկնեցաւ: Վերջերս երկու ինքնաշարժներով յուղարկաւորութեան մեկնող ութ անձեր սպաննուեցան, անոնց շարքին կար նաեւ կին մը:

«Մենք բնաւ չենք գիտնար, թէ որո՛նք են այս մարդասպանները: Անոնք բնաւ չեն ձերբակալուիր: Մինչեւ հիմա ոչ մէկ կին առեւանգուած է, ատիկա` որովհետեւ ոչ ոք կը յանդգնի իրեն համար նշանակուած, ճշդուած վայրերէն դուրս գալ:

«Իմ ծնողներս պնդեցին, որ ես ուսումս Իսլամապատի մէջ առնեմ: Անոնք ուզեցին, որ ես այլ կրթաթոշակ մը գտնեմ, որպէսզի արտասահմանի մէջ ուսանիմ: Կրնայ ըլլալ, որ իմ ծնողներս Աֆղանիստան տեղափոխուին»:

Վաժիտուլլա Պէյկ, 24 տարեկան, վերջերս շրջանաւարտ`
Կիլկիտէն, հիւսիսային Փաքիստան:

«Կիլկիտի մէջ կացութիւնը երկար ատենէ վատ է, Զիա Ուլ Հաքի զինուորական իշխանութենէն 1980-ական թուականներէն ի վեր: Բայց ես իմ երկու եղբայրներուս հետ միայն վերջերս տեղափոխուեցայ, որովհետեւ շիի իմամ մը` Զիաուտտին, սպաննուեցաւ եւ ուսումնական բոլոր հաստատութիւնները փակուեցան: Շրջագայութեան արգելք հաստատուեցաւ եւ այստեղ մնալը շատ անապահով եղաւ:

«Ես նաեւ կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս 2005 թուականին շրջապատեցին մեր դպրոցը, ներխուժեցին, առանձնացուցին շիիները եւ ծեծեցին զանոնք: Ոչ ոք սպաննուեցաւ, բայց անոնք խոշտանգուեցան: Ես տեսայ ատիկա ճիշդ իմ աչքերուս առջեւ:

«Վերջերս իմ ընկերներս Սքարտու մեկնեցան պտոյտի եւ բախտով փրկուեցան Չիլասի միջադէպէն, ուր 14 շիիներ սպաննուեցան:

Սիւնիները եւ շիիները զիրար կը սպաննեն, եւ շիիները կը հակադարձեն իրենց ժողովուրդին սպանութեան: Սակայն անոնք փոքրամասնութիւն են:

Հազարաւորներ սպաննուեցան եւ ասիկա փոքր վայր մըն է: Բազմաթիւ ապահովական անցարգելներ կան ստուգումներու համար, սակայն ոչ մէկ յանցագործ ձերբակալուած է, եւ եթէ նոյնիսկ ձերբակալուած են, անոնք ի վերջոյ ազատ արձակուած են եւ չեն պատժուած:

«Քանի մը տղաք ձերբակալուեցան 2005-ին տեղի ունեցած բախումներուն առնչութեամբ: Անոնք տակաւին բանտն են, սակայն դատավարութիւն չէ եղած: Առաջ Իսլամապատի մէջ շատ մարդ չկար Կիլկիտէն, բայց հիմա անոնք աւելի են: Ծնողներ կ՛ուզեն, որ իրենց զաւակները մեկնին այդ շրջանէն»:

Սաժժատ Հիւսէյն Չանկեզի, 25 տարեկան ազգութեամբ
Հազարա, ճարտարագէտ եւ հասարակական գործիչ` Քուէթթայէն:

«Հազարաներու սպանութիւնը բազմացած է 1999-էն ի վեր: Մենք` հազարաներս, մեծամասնութեամբ շիի ենք եւ դիւրաւ ճանաչելի: Մենք ակնյայտօրէն մոնկոլ արտաքին ունինք, ուրեմն մենք նաեւ թիրախ կը դառնանք մեր ազգային պատկանելիութեան հիմքին վրայ:

«Բայց 2010-ին մեր տունէն ներս նետուեցան այս թռուցիկները, որոնք յստակօրէն կը յայտարարեն, որ շիիները անհաւասար են եւ` սպաննուելու ենթակայ: Նաեւ կը յայտարարուի, որ շինները խառնածին են, եւ թէ անոնք պէտք է սպաննուին ամէն տեղ Փաքիստանի մէջ, բայց յատկապէս` Քուէթթայի մէջ:

«Այս թռուցիկը ստորագրուած եւ կնքուած էր Լաշխար-Է-Ճանկուիի Պալոչիստանի միաւորին կողմէ: Ատիկա նաեւ կ՛ըսէր, որ եթէ մենք մինչեւ 2012 թուական չմեկնինք, անոնք մեր շրջանները պիտի գան եւ մեզ սպաննեն:

«Անշուշտ ասիկա ցնցիչ էր մեզի համար: Մենք նախապէս այսպիսի բան մը չունէինք: Բայց մենք պիտի շարունակենք մեր կեանքը: Եթէ անոնք մեզմէ պատգամ մը կ՛ուզեն, այն է, որ մենք բնաւ պիտի չլքենք:

Share this Article
CATEGORIES