Փութինի «Կազփրոմ»-ի Խնդիրը. Քրեմլին Ինչպէ՞ս Պատահաբար Ազատականացուց Ռուսիոյ Բնական Կազի Շուկան

Փութին կը ստորագրէ խողովակաշարի մը վրայ, անոր բացումին ատեն

Միայն չորս տարի առաջ, արեւմտեան մամուլը լայնօրէն քննադատեց «Կազփրոմ»-ը` պնդելով որ Ռուսիոյ բնական կազի այդ պետական հսկան կազփրոմը, Վլատիմիր Փութինի իշխանութեան առաջին գործիքն է: Արդարեւ, 160 միլիառ տոլար գնահատուող ընկերութիւնը կը վերահսկէ քանի մը հզօր օժանդակ կառոյցներ, ներառեալ` քարիւղի եւ ելեկտրականութեան ընկերութիւններ եւ խումբեր, որոնք կը ղեկավարեն Ռուսիոյ արտածումի խողովակաշարերը: Անիկա կարողութիւնը ունի Եւրոպայի մէջ միլիոնաւոր անձեր ցուրտին ձգելու, ինչպէս որ ցոյց տուաւ, երբ 2006-ին եւ 2009-ին դէպի Ուքրանիա ծորակները փակեց: Ատիկա նաեւ սեփականատէրն է շարք մը հաղորդամիջոցներու, ներառեալ` Էն. Թի. Վի.-ն, ժողովրդային պատկերասփիւռի կայան մը, որ անցեալին Մոսկուայի բուռն քննադատողներէն էր, բայց այժմ (ձեւով մը` ակամայ) կը պաշտպանէ Փութինի քաղաքական օրակարգը: Ընդհանուր առմամբ, «Կազփրոմ»-ին շահոյթը կը կազմէ Ռուսիոյ ազգային ընդհանուր արտադրութեան 10 առ հարիւրը: Թերեւս այդ պատճառով է, որ ընկերութիւնը, որ նոյնիսկ իր սեփական քայլերգը ունի, կը նկատուի ռուսական ուժին բոժոժակիրը:

Սակայն, երբ վերջերս Վլատիմիր Փութին նախագահական իր երդումը կու տար այլ վեց տարուան մը համար, ուժանիւթի հսկան այլեւս նախկինը չէր: Հակառակ Քրեմլինի լաւագոյն ջանքերուն` ռուսական կազի շուկան վերջերս սկսած է ազատականանալ: Յառաջիկայ տարիներուն «Կազփրոմ» պիտի չկրնայ ապաւինիլ բարձր շահութաբեր լուսանցքներու` ուժանիւթի մարզին մէջ գագաթին վրայ մնալու համար: Եւ իր կարգին, Փութին պիտի չկարենայ ապաւինիլ «Կազփրոմ»-ին իբրեւ ուժի աղբիւրի մը:

«Կազփրոմ» ծնած է 1989-ին, խորհրդային կազի եւ քարիւղի նախարարութենէն: Յաջորդ քանի մը տարիներուն անոր առաջին տնօրէնը, ապա Ռուսիոյ վարչապետ` Վիքթոր Չեռնոմերտին լուռ հետեւեցաւ, երբ ընկերութիւնը կողոպտուեցաւ սեփականաշնորհման ալիքին ընթացքին: Նոյն ատեն 45-ամեայ Փութին զբաղած էր պաշտպանելով տոքթորական իր աւարտաճառը (Ս. Փեթերսպուրկի մէջ) «Ռազմավարական ծրագրաւորում շրջանային աղբիւրներու` շուկայական յարաբերութիւններու ստեղծման մէջ»: Անոր մէջ ան կը պնդէ, թէ ռուսական տնտեսական յաջողութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ ուժանիւթի ազգային ախոյեաններ ստեղծելէն:

«Կազփրոմ»-ին վիճակը վատ կը թուի, բայց աներեւակայելի է, որ ընկերութիւնը պարզապէս պիտի անհետանայ, որովհետեւ շատ մեծ է եւ սեփականատէր է բազմաթիւ օժանդակ կառոյցներու:

Եւ ասիկա ճիշդ այն է, որ Փութին փորձեց ընել, երբ 2000-ին իշխանութեան եկաւ: Նախագահական երդումէն անմիջապէս ետք, Փութին իր քաղաքական դաշնակիցը` Տմիթրի Մետվետեւը «Կազփրոմ»-ի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ նշանակեց: Յաջորդ տարին Ալեքսէյ Միլլերը նշանակեց ընկերութեան կառավարման յանձնախումբի ատենապետ: Միլլեր` միջազգային հարցերու խորհրդատու մը, աւելի ուշ քննադատուեցաւ Ռուսիոյ քարիւղի եւ կազի արդիւնաբերութեան մասին ամբողջովին անբաւարար գիտելիքներ ունենալուն համար: Անկախ անկէ, շրջելով ղեկավարութիւնը, Փութին կառավարման ժամանակ աստիճանաւորեց «Փեթերսպուրկեան քլանը» (գործընկերներու խումբը, որ զինք շրջապատած էր Ս. Փեթերսպուրկի քաղաքապետ Անաթոլի Սոպչնաքի համար աշխատած օրերուն):

Փութինի նախագահութեան առաջին երկու շրջաններուն ընթացքին Ռուսիոյ խորրդարանը հզօրացուց «Կազփրոմ»-ի դիրքը` երաշխաւորելով անոր կազ արտադրելու մենաշնորհեալ արտօնագիրը: Քրեմլին նաեւ ապահովեց, որ «Կազփրոմ» աւելի աժան կարենայ գործել: 2003-ի եւ 2010-ի միջեւ անուղղակի, յաւելեալ հարկերու եւ տուրքերու գացած ընկերութեան շահաբաժինին եկամուտները 26 առ հարիւրէն նուազած են 16 առ հարիւրի: Նոյն ժամանակամիջոցին Փութին ընդհանրապէս աչք փակեց կազի խողովակաշարի օգտագործման «Կազփրոմ»-ի մենաշնորհին վրայ` յաճախ մերժելով այն առաջարկները, որ խողովակաշարի գիծերը պէտք է բացուին բոլորին: Քրեմլինի առատաձեռնութեան շնորհիւ` «Կազփրոմ» աճեցաւ, վերածուելով բնական կազ մատակարարողներու աշխարհի ամէնէն մեծ ընկերութիւններէն մէկուն:

Ուժանիւթի հսկան, սակայն, խնդիրներէ զերծ չէ: 2000-ականներու կէսերուն «Կազփրոմ» արդէն կը մաքառէր արեւմտեան Սիպերիոյ բնական կազի իր հիմնական դաշտերու արտադրութեան անկումին դէմ:

«Կազփրոմ» այդ վայրերէն քաղած, ստացած էր դիւրամատչելի կազի ծաւալին մեծ մասը եւ կը փորձէր շահագործել աւելի բարդ, հանքահորերը: Փութին, նեցուկ կանգնելու համար իր զօրութեան շարժիչին, կարդաց պետական դրամատիրութեան հիմնաչափ կանոնագիրքը: 2006-ին, Փութին բարձրացուց կազի ներքին գիները: Այս քայլին նպատակն էր կազի գիները ի վերջոյ համապատասխանեցնել եւրոպական սակերուն: Ատոր արդիւնքով, յաջորդ 6 տարիներուն կազի գիները բարձրացան տարեկան 15 առ հարիւր միջինով մը: Այս աճը ձեւով մը կը հատուցէ «Կազփրոմ»-ի ծաղկող ծախսերը:

Նոյն ատեն Փութին ռուսական կազի այլ ընկերութիւններ քաջալերեց (անոնց, որոնց աշխատանքային ծախսերը տակաւին «Կազփրոմ»-ի ծախսերուն նման բարձր չէին), աւելցնելու համար անոնց արտադրութիւնը: Նոյնպէս, Փութին կը նպատակադրէր աջակցիլ «Կազփրոմ»-ի` նոյն ատեն խթանելով ռուսական տնտեսութիւնը եւ նուազեցնելով երկրին կախուածութիւնը արտածման վաճառքէն: Կազի որեւէ նուազում «Կազփրոմ»-ի մէջ` կարելի պիտի ըլլայ հատուցել կազի անկախ արտադրութեամբ: Ատիկա բաւարար պիտի ըլլայ չկլլելու «Կազփրոմ»-ի շուկայի շահաբաժինը: Կը սպասուէր ի վերջոյ, անկախ ընկերութիւնները «Կազփրոմ»-ի վրայ ճնշում բանեցնեն, որպէսզի ան աւելի ազդու, արդիւնաւէտ գործէ:

Բայց ատիկա արդիւնք չտուաւ: Փոխարէնը` Փութինի այդ քայլը ենթահատեց «Կազփրոմ»-ի դիրքը եւ անզգուշօրէն անկախացուց կազի շուկան:

Փութինի ծրագիրին առաջին խնդիրը այն էր, որ այսպիսի անկախ արտադրողներ «Նովաթեք», «Իթերա», սակերու նոյն կարգաւորման ենթակայ չեն, ինչպէս որ ենթակայ է «Կազփրոմ»: Այդ ընկերութիւնները իրենց վաճառած կազին մեծ մասին համար կրնան ազատ շուկայի գիներու հաւասար սակացոյց ճշդել: Իբրեւ արդիւնք` փութին ստեղծեց երկգօտի շուկայ մը, որ «Կազփրոմ» ստիպուած եղաւ վաճառելու իր կազը կանոնակարգուած սակով, եւ միւս ընկերութիւնները սակեր ճշդեցին իրենց յաճախորդներուն համեմատ: Եւ պատահեցաւ, որ սպասողները կրնային վճարել ճարտարարուեստական միջինէն շուրջ 35 առ հարիւր աւելին: Եւ ասիկա է, որ կը գանձեն նոր ընկերութիւնները: Սպառողները կը վճարեն, որովհետեւ «Կազփրոմ»-ի մատակարարած կազին քանակը բաւարար չէ:

Շուկայի սակերէն նուազ գիներով եւ ընդլայնելու համար` աւելի սուղ արժող դաշտերով շրջապատուած` «Կազփրոմ» արդէն իսկ մրցակցային անպատեհութիւն մը կը դիմագրաւէր կազի աճող չկանոնագրուած ընկերութիւններէն: Ապա անցեալ տարի Ռուսիոյ ելեւմուտքի նախարարը կրկնապատկեց հանքային հարստութեանց հորահատումին համար «Կազփրոմ»-ին վճարած տուրքերը: Այժմ «Կազփրոմ» իւրաքանչիւր 1000 մեթր խորանարդի համար 17 տոլար կը ծախսէ: Կը սպասուի, որ ատիկա 2015 թուականի աւարտին աւելի բարձրանայ` հասնելով 36 տոլարի, նոյն ծաւալին համար: Կը նախատեսուի, որ յաւելումը «Կազփրոմ»-ին արժէ տարեկան շուրջ 10 միլիառ տոլար: Վնասը փոխարինելու նպատակով ընկերութեան տնօրէն Միլլեր Փութինէն մարտին խնդրեց բնական կազի կանոնակարգուած սակերը 26 առ հարիւրով բարձրացնել, փոխան 15 առ հարիւրի: Փութին, որ զբաղած էր սղաճը զսպելու եւ սովորական ռուսերու շահերը պաշտպանելու իր յանձնառութեան վերաբերեալ նախագահական նախընտրական քարոզարշաւով, անտեսեց:

«Կազփրոմ»-ի վիրաւորանքին անարգանք աւելցնելու համար Փութին ապա նաեւ միջամուխ եղաւ «Կազփրոմ»-ի արտածման ռազմավարութեան: Այս տարուան մարտին կայացած նախագահական ընտրութենէն քանի մը շաբաթ առաջ Մոսկուայի մէջ ջերմաստիճանը – 1 աստիճան եղաւ: Ըստ այնմ, բնական կազի առօրեայ պահանջը օդասլաց հրթիռ եղաւ: Կառավարութեան եւ «Կազփրոմ»-ի ներկայացուցիչներուն հետ ժողովի մը ընթացքին Փութին յստակացուց, որ «Կազփրոմ»-ի «առաջնահերթութիւնը» տագնապներու ընթացքին, պէտք է ըլլայ «գոհացնել ներքին պահանջը Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ»: Ինքզինք զրկելով գրեթէ 125 միլիոն տոլար վաճառքէ մը միայն իտալացի յաճախորդներու, որոնք ամէնէն շատ տուժածները եղան, «Կազփրոմ» իրեն ըսուածը գործադրեց, եւ իբրեւ վստահելի միջազգային մատակարարողի իր համբաւը փամփուշտ ստացաւ:

Զարմանալի չէ, որ անկախ ընկերութիւնները առաւելագոյնս օգուտ կը քաղեն այս հնարաւորութենէն: 2010-ին ոչ կազփրոմականները արտադրեցին 142 միլիառ խորանարդ մեթր կազ, որ համարժէք է երկրի կազի ընդհանուր արտադրութեան 22 առ հարիւրին: «Նովաթեք»-ի տնօրէնը` Լէոնիտ Միխելսոն, կ՛ենթադրէ, թէ ոչ կազփրոմական արտադրութիւնը Ռուսիոյ մէջ 2020 թուականին պիտի աճի տարեկան մինչեւ 300 միլիառ խորանարդ մեթրի: Մոսկուայի ներդրողները եւ դրամատուները սկսած են փսփսալ «Նովաթեք»-ի ապագային մասին, որովհետեւ ատոր մէջ 2009-էն ի վեր 23 առ հարիւր շահաբաժին ունի Կենատի Թիմչենքօ` համահիմնադիրը Փութինի յաճախած ժիւտոյի ակումբին եւ Ռուսիոյ նախագահին երկարամեայ ընկերը:

Թիմչենքոյի զայն գնելէն ետք, «Նովաթեք» բարգաւաճեցաւ: Ընկերութիւնը արագօրէն գնեց «Սեւեր Էներկիա»-ի մէջ «Կազփրոմ»-ի բաժինները` այլ դաշտերու հետ: Գոյքի գնման այլ կարեւոր ձեռքբերում մը տեղի ունեցաւ 2009-ին, երբ «Նովաթեք» գնեց «Եամալ» ընկերութիւնը եւ անոր հարաւային Թամպէյսքոյի դաշտը, որ կը պարունակէ մինչեւ 25 միլիառ խորանարդ մեթր ապացուցուած կազի պաշարներ: Յուլիս 2011-ին, որպէսզի օտարերկրացի ներդրողներ նուաճէ եւ երաշխաւորէ, որ «Եամալ» նախագիծը շահաբեր կրնայ ըլլալ, Քրեմլին «Նովաթեք»-ին շնորհեց հարկային հսկայական զեղչեր եւ չեղեալ յայտարարեց ապագային արտադրելիք հեղուկ կազի արտածումի վրայ տուրքը:

Նոյնիսկ երբ Քրեմլին կը սկսի «Նովաթեք»-ի հետ վարուիլ իբրեւ իր յաջորդ «Կազփրոմ»-ի, շուկան ատոր հետ կը վերաբերի լուրջ դերակատարի մը նման:  Անցեալ հոկտեմբերին ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութիւնը «Եամալ»-ի մէջ 20 առ հարիւր շահաբաժին ձեռք անցուց: «Թոթալ»-ի աւագ փոխ նախագահ Միքայէլ Պորրել հարցազրոյցի մը մէջ ինծի ըսաւ. «Մենք «Նովաթեք»-ը իբրեւ յաջողութեան պատմութիւն մը միայն կը տեսնենք»: Ընկերութիւնը շահաբեր է` շնորհիւ իր ցած ծախսերով արտադրութեան: Եւ Քրեմլին, անշուշտ, ձեռք ունի ատոր մէջ»: Բայց «Նովաթեք» կրցած է իր յաջողութիւնն ու բարի համբաւը գրաւի դնել երկարաժամկէտ պայմանագրերու մէջ, մեծ ուժերու եւ արդիւնաբերական հատուածներու հետ, առաւել «ուտելով» «Կազփրոմ»-ի դիրքերը:

Անցեալ դեկտեմբերին «Նովաթեք» «Կազփրոմ»-էն գնեց շրջանային կազի մատակարարման ընկերութիւն մը` այսպիսով ձեռք ձգելով «Կազփրոմ»-ի դերը իբրեւ մատակարարող Ուրալի շրջանին, որ բնական կազ սպառողներու Ռուսիոյ 10 գլխաւոր շրջաններէն է:

Թէեւ կացութիւնը «Կազփրոմ»-ի համար լաւ չի թուիր, սակայն աներեւակայելի է, որ ընկերութիւնը պարզապէս պիտի չքանայ: Ատոր համար «Կազփրոմ» շատ մեծ է եւ բազմաթիւ օժանդակ կառոյցներ ունի: Հնարաւոր է, որ Քրեմլին պիտի սկսի արտօնել յաւելեալ անկախ ընկերութիւններու դերակատարութիւնը կազի ասպարէզին մէջ: Փութին, իր կարգին, հաւանաբար կողմնակից պիտի ըլլայ, որպէսզի «Կազփրոմ» պահէ իր դիրքը, սակայն նոյնիսկ ատիկա կախեալ պիտի ըլլայ քաղաքական իր ուժէն: 2000-ի եւ 2008-ի միջեւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն բնորոշ գիծերէն էր ունակութիւնը ճշդելու, թէ ռուսական պետութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ: Եւ այդ պատկերին լայն բաժինը կը յենի «Կազփրոմ»-ի ազգային ախոյեանի կարգավիճակին վրայ: Ընկերութիւնը տնտեսապէս անհեթեթ հարկային զեղչեր ստացաւ, նախըտրուած արտօնագրեր ստացաւ, եւ ապահովեց խողովակաշարերու վրայ մենաշնորհ: Սակայն  այժմ երկշերտ կազի շուկան սկսած է, դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով, «ուտել» «Կազփրոմ»-ի կարգավիճակը: Եւ երբ «Կազփրոմ»  դուրս կու գայ խճողուած շուկայ, Փութին պէտք է այլ խարիսխներ գտնէ իր իշխանութեան համար, թէ ոչ ինք եւս դանդաղօրէն կը չուէ:

ԱՀՄԵՏ ՄԵՀՏԻ

«Ֆորէյն Ըֆէյրզ»

Share this Article
CATEGORIES