Հայ Մամուլի Շաւիղով
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՒ. ՍՐԿ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Ուրբաթ, 4 մայիս 2012-ին, դպրեվանքին մէջ դասախօսական երեկոյ մը ունեցանք Ժիրայր Դանիէլեանին հետ` լիբանահայ մամուլին մասին: Դասախօսը մտերմիկ ոճով յիշեց շարք մը թերթեր, դէպքեր եւ անձեր, մտահոգութիւններ եւ մարտահրաւէրներ, որոնք հաճելի ունկնդրութեան արժանացան:
Դասախօսութեան ընթացքին, հայ մամուլին դերին ու արժէքին ականջալուր, միտքս պահ մը անցեալէն ներկայ սլացք կատարեց:
Յիշեցի, թէ ժամանակին մարդիկ գիրքը եւ մամուլը ձեռքէ ձեռք անցընելով` անյագօրէն կը կարդային: Փնտռուող ընկեր մըն էր հայ գիրքն ու հայ մամուլը: Մարդիկ ըսելիք ունէին եւ կ՛ուզէին ուրիշները իրենց խօսքին հաղորդակից դարձնել մամուլի կամ գիրքի ճամբով: Եւ աւելի հաճելին այն էր, որ երիտասարդներ մամուլին մէջ արձագանգ գտած նիւթերը կը քննարկէին եւ կը քննադատէին իրենց զրոյցներուն ընթացքին: Այսպիսով, միջավայրը կը ջերմանար, երիտասարդներ զանազան նիւթերով կը հարստանային եւ մտածելակերպեր կը հիւսուէին: Անցեալին նոր թերթեր ունենալու տրամադրութիւնները եւս բարձր էին, եւ նոյնիսկ ձեռագիր թերթիկներով երիտասարդներ կ՛ուզէին իրենց ձայնը լսելի դարձնել:
Ներկայիս երիտասարդներ առաւելաբար համացանցին մէջ են` գրեթէ հայ գիրքէն ու հայ մամուլէն հեռու: Իսկ այն երիտասարդները, որոնք մօտ են հայ գիրին ու գրականութեան, լաւագոյն պարագային հասարակաց հետաքրքրութիւն ունեցող նիւթերը ելեկտրոնային նամակներով կ՛արծարծեն: Այն մօտիկութիւնը, որ մարդիկ քով-քովի գալով կը փորձէին հաստատել, այսօր համակարգիչի միջոցով կը կատարուի: Իսկ դպրոցներու մէջ, եթէ ուսուցիչներն ու տնօրէնները չպարտադրեն, աշակերտներ թերեւս թերթ տպելու մասին իսկ չմտածեն:
Նոյնիսկ երբ գրական հանդիպումներ կը կազմակերպուին «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ կամ այլ վայրեր, ներկաները առաւելաբար ուսուցիչներ, մտաւորականներ եւ գրողներ են: Երիտասարդները հոս ալ չկան:
Հարց կու տամ. համակարգիչը մարդիկը իրարու մօտեցո՞ւց, թէ՞ իրարմէ հեռացուց: Անվերապահօրէն կարելի է ըսել, թէ ան մեզ անցեալի ջերմութենէն զրկեց:
Եթէ գրական կամ այլ նիւթերու շուրջ զրուցելու հաւաքոյթները նոր նախաձեռնութիւններով կազմակերպուին, արդեօք երիտասարդներուն մասնակցութեան թիւը պիտի բարձրանա՞յ, թէ՞ անոնք պիտի շարունակեն համակարգիչներուն դիմաց մնալ: Պէտք է փորձել:
Այս առթիւ նաեւ յարատեւութեան մաղթանքներս կը յղեմ այս տարի իրենց յոբելեանը տօնող թերթերուն. «Ազդակ»-ի 85-ամեակ, «Հասկ»-ի 80-ամեակ, «Արարատ»-ի 75-ամեակ, «Աւետիք»-ի 75-ամեակ, «Զարթօնք»-ի 75-ամեակ, «Ջանասէր»-ի 75-ամեակ, «Մասիս»-ի 65-ամեակ, «Գլաձոր»-ի 55-ամեակ, «Խօսնակ-ի 55-ամեակ եւ «Բագին»-ի 50-ամեակ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՒ. ՍՐԿ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Դպրեվանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

