Սուրիացի Հայ Նախարար

ԼԵՒՈՆ ԶԱՔԻ ԵՏԱԼԵԱՆ

Ծագումով հայ սուրիացիներ շարունակաբար  մաս կազմած են Սուրիոյ քաղաքական կեանքին յանձին սուրիական խորհրդարաններու մօտ իրենց երեսփոխաններուն, 1928-ին կազմուած հիմնադիր խորհուրդէն մինչեւ օրէնսդրական դերակատարութեան աւարտը 2011-ին, նախքան որ կորսնցնեն իրենց խորհրդարանական աթոռը, նոր սահմանադրութեան լոյսին տակ կնքուած ընթացիկ տարուան օրէնսդրական անդրանիկ նստաշրջանի ընթացքին: Սակայն այս մէկը կուգար առաւել եւս հաստատելու ստեղծուած նոր իրավիճակը, իր ժխտական հետեւանքներով ու զանազան ցուցմունքներով` տկարացնելով  հաւասարութեան ու ընկերային արդարութեան հաւատացողներուն ինքնավստահութիւնն ու վճռակամութիւնը, այնպիսի ընկերութեան մը մէջ, ուր հայերը կը նկատուին  շրջանին մէջ անոր խճանկարային իւրայատուկ կառոյցին հիմնասիւներէն մէկը:

Հակառակ այն իրողութեան, որ իրենց նախորդներու Սուրիոյ մէջ հաստատումէն ի վեր ծագումով հայ սուրիացիներ նպաստած ու գործօն մասնակցութիւն ունեցած են երկրի  զանազան մարզերէն` քաղաքական,  խորհրդարանական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային ու մտաւորական կեանքէն ներս, այսուհանդերձ, Սուրիոյ` ֆրանսական գաղութարարութենէն անկախացումէն ի վեր  անոնց ստանձնած նախարարական պաշտօնները մատի վրայ կը հաշուըուին: Այս մէկը կը վերագրուի տեսլական պատկերացումի թերացման ու քաղաքակրթական զարգացումին ներհակ ու հակոտնեայ` յարաբերական այն վարգագիծին, որ կ՛որդեգրուէր սուրիական ընկերութեան բաղկացուցիչ կողմերու ներկայացման գործընթացին մէջ: Ու այս`  հակառակ միջազգային իսկական, իրա՛ւ ժողովրդավարութեանց մէջ տիրող իրավիճակին, ուր  նախարարներու թէ քաղաքական ղեկավարներու ընտրութիւնը կը հիմնուի ենթակային ատակութեան ու կարողութեան չափանիշներուն վրայ:

Արդարեւ, 1936-ին  ծագումով հայ սուրիացի  Հանրի Հընտիէի ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր ուրիշ  ոչ մէկ հայ  նախարարական պաշտօն չէ ստանձնած, բացի Սապեթ Արիսէն, որ պետական նախարարի պաշտօնը վարած է 1943-ին: Նմանապէս` ծագումով հայ սուրիացիներ, որոնք հետզհետէ շաղուեցան ու հաղորդակից դարձան  սուրիական ընկերութեան, «նախ` սուրիացի»  (ապա` հայ)  հանգամանքով, ստանձնեցին ու վարեցին զինուորական կարեւոր պաշտօններ, ինչպէս` սուրիական արաբական բանակի սպայակոյտի պետ` Հրանդ  Մալոյեան եւ սպայակոյտի անդամ (1949-1950), սուրիական հրետանիի զօրամասի ընդհանուր հրամանատար` զօր. Արամ  Գարամանուկեան, որ 1948-ին մասնակցած էր Պաղեստինի պատերազմին, եւ որուն համար իսրայէլեան բանակը մէկ միլիոն ոսկի խոստացած էր անոր, որ սպաննէր կամ գերի բռնէր զայն:

Այսօր, ինքզինք պարտադրող  հարցումներէն մէկը այն  է, թէ` ի՞նչ բան կ՛արգելակէ, որ ծագումով հայ սուրիացի անձնաւորութիւն մը ստանձնէ նախարարական, թէկուզ պետական նախարարի պաշտօն, նկատի ունենալով  տնտեսական շրջանակներու մէջ հմուտ ու ատակ (հայ) փորձագէտներու գոյութիւնը, յատկապէս ընդլայնուած կառավարութեան մը կազմութեան հաւանականութեան լոյսին տակ,  որ ընդգրկէ սուրիական զանազան  համայնքները ներկայացնող բոլոր կողմերու ներկայացուցիչները: Ու այս` առ ի գնահատանք իրենց  ընկերութեան ու անոր հեղինակութեան վսեմացման ի սպաս անոնց  ճիգերուն ու  ամենաթանկագինի զոհաբերութեան, ինչպէս նաեւ` առ ի երախտագիտութիւն սուրիական  հայրենիքին ու անոր տագնապի լուծման իբրեւ միջոց` բարեկարգչութեան ու երկխօսութեան  ընտրանքին հանդէպ անոնց հաւատարմութեան  ու արտաքին որեւէ միջամտութեան կամ ոտնձգութեան անոնց մերժումին:

Ինչ կը վերաբերի օրէնսդրական վերջին ընտրութեանց առընթեր  արձանագրուած թերացումներուն ու Հալէպի ընտրաշրջանէն միակ հայ թեկնածու` Սիւմպիւլ Սիւմպիւլեանի անտեսումին կամ ընտրացանկէն զանցառման գծով ծագած աղմուկին, հակառակ  «քոթա»-ի (մասնաբաժինի)  ընդունուած սովորութեան,  նորընտիր խորհրդարանին մէջ ծագումով հայ սուրիացիներու ներկայացուցչութեան բացակայութիւնը իր տեսակին մէջ նախընթաց մը կը կազմէ Սուրիոյ խորհրդարանական պատմութեան մէջ: Ու այս նախընթացը կը  տկարացնէ ու կը «գունաթափէ» ազգայնական`  «էթնիք» այլազանութիւնը, խոտոր համեմատելով երկրի ազգագրական  իրականութեանց, ուր պետական տոմարներուն մէջ  ցանկագրուած հայերու թիւը կը հաշուէ 300 հազար անձ, որոնց աւելի քան 100 հազարը մնայուն ներկայութիւն են երկրին մէջ եւ  որոնց կէսը կ՛ապրի Հալէպի մէջ: Արդ, նկատի ունենալով, որ Սուրիա կը ներկայացնէ միացեալ մէկ ընտրաշրջան, ուրեմն խորհրդարանի իւրաքանչիւր անդամ կը ներկայացնէ 22 միլիոն անձ հաշուող Սուրիոյ  բնակչութեան  88 հազարը: Հետեւաբար, հայ սուրիացիները իրաւունք ունին խորհրդարանական մէկ ներկայացուցիչի, յատկապէս որ անոնք ոչ մէկ ճիգ չեն խնայեր ամրապնդելու համար կապերը  սուրիական հայրենիքին եւ Հայաստանի  միջեւ, որուն հանրապետութեան առաջին նախագահն  ու արտաքին գործոց նախարարը  Սուրիայէն  ու յատկապէս Հալէպէն էին:

Հեռու համայնքային թէ դաւանական նկատառումներէ` կը յուսանք, որ ծագումով հայ սուրիացիներ բախտը կ՛ունենան ստանձնելու նախարարական պաշտօն մը, որ  հատուցէ  անոնց խորհրդարանական աթոռին կորուստը եւ խթան հանդիսանայ մասնակցելու ընկերութեան ու պետութեան կերտումի ճիգերուն` զանոնք մղելով  յաւելեալ զոհաբերութեան, դուրս բերելու Սուրիան աւելի ամրակուռ ու հաստատակամ, կարենալ դիմակալելու համար` ապագան ու շրջանային թէ միջազգային իր դերակատարութիւնը  խափանել փորձող  մարտահրաւէրները:

ԼԵՒՈՆ ԶԱՔԻ ԵՏԱԼԵԱՆ
Սուրիական-Հայաստանեան Գործարար Խորհուրդի Նախագահ
Սուրիոյ Վաճառականական Գրասենեակներու  Դաշնութեան
Տնօրէն Խորհուրդի Անդամ
Հալէպի Վաճառանական Գրասենեակի Տնօրէն  Խորհուրդի Անդամ

Share this Article
CATEGORIES