Հաղորդագրութիւն
Աղբերու նուազեցման միջազգային օրուան առիթով, «Եանկ մեն՛զ քրիսչըն ասոշիէյշըն (Ուայ, Էմ. Սի. Էյ.) Կազմակերպութիւնը, գործակցութեամբ` «ՏԵՍՄԻՄ» եւ «ՄԵՆԱ տիզայն» ուսումնասիրութեան կեդրոնին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Մեսրոպեան վարժարանին եւ Ճինիշեան Յիշատակի ձեռնարկին, նախաձեռնած է «ՏՈՊՐԱԿ» ծրագիրին:
Ծրագիրին նպատակն է կերպընկալէ (նէյլոն) տոպրակներու գործածութիւնը նուազեցնել. եւ ցուցմունքներ տալ զանոնք վերստին գործածելու գծով: Այս քայլը կ՛առնուի նկատի ունենալով կերպընկալի մեծ քանակով գործածութիւնը Լիբանանի մէջ, ինչ որ աղբերու թիւը կը բարձրացնէ եւ կենսոլորտին մեծ վնաս կը հասցնէ:
«ՏՈՊՐԱԿ» ծրագիրը մաս կը կազմէ «ՏԵՍԻՄ» ծրագիրին, որուն գլխաւոր նպատակն է ձեւեր որդեգրել կերպընկալէ տոպրակները վերստին գործածելու եւ անոնց գործածութիւնը երկարատեւ դարձնելու:
Այս աշխատանքներու ծիրին մէջ, շաբաթ, 2 յունիս 2012-ին` առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00 տեղի պիտի ունենայ «կենսոլորտի պահպանման» օր մը, Մեսրոպեան վարժարանի շրջափակին մէջ` կերպընկալէ տոպրակներու կուտակման հարցին շուրջ շրջանի բնակչութեան ուշադրութիւնը եւ գիտակցութիւնը արթնցնելու համար:
Աշխատանքային հանդիպումներուն պիտի մասնակցին Ճինիշեան Յիշատակի ձեռնարկի Համայնքային բարգաւաճման ծրագիրէն կիներ, հայկական սկաուտական խումբերէն ներկայացուցիչներ եւ աշակերտներ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն, Հայ անարատ յղութեան քոյրերու Սրբուհի Ագնէս վարժարանէն, Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան քոլեճէն եւ Հայ աւետարանական Թորոսեան եւ Շամլեան Թաթիկեան վարժարաններէն:
Վերոյիշեալ վարժարաններուն մէջ արդէն իսկ տեղադրուած են տուփեր ուր աշակերտները պիտի հաւաքեն իրենց տուներէն բերած կերպընկալէ տոպրակներ եւ շաբաթ օր իրենց հետ բերեն աշխատանքային հանդիպումին: Անոնք, խումբ մը արուեստագէտներու հսկողութեամբ, կերպընկալէ տոպրակները օգտագործելով նոր իրեր պիտի ստեղծագործեն: Ժամական դրութեամբ կրկնուող այս աշխատանքը պիտի ստեղծէ տարբեր առաջարկներ այս հարցին լուծման համար:
Ճինիշեան Յիշատակի ձեռնարկի Համայնքային բարգաւաճման բաժանմունքը` քաջ կը գիտակցի, որ կենսոլորտի պահպանման ծրագիրները եւս անհրաժեշտութիւն են մեր իրականութեան մէջ եւ մեր շրջանին մէջ առկայ են, նկատի ունենալով նաեւ, որ Բարգաւաճման ծրագիրները ամբողջական մօտեցումով մը պէտք է հասնին ոչ միայն ընկերային, այլ նաեւ տնտեսական, առողջապահական եւ կենսոլորտային բոլոր ոլորտներուն:

