Հայկական Վարժարաններու Մասնակցութիւնն Ու Խլած Ախոյեանութիւնները` Լիբանանի Միջդպրոցական Պարի Մրցոյթի

Լիբանանի կրթական նախարարութեան կողմէ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուած Լիբանանի միջդպրոցական պարի մրցանքը ի մի կը բերէ Լիբանանի տարածքին գտնուող զանազան վարժարաններու պարախումբեր` տարիքային տարբեր դասակարգերու եւ սեռային խումբերու պատկանող, որոնք իրարու դէմ կը մրցին` շահելու լաւագոյն պարախումբի տիտղոսը:

Այս տարի եւս, Այն Սաատէյի «Մոն Լա Սալ» դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ սոյն մրցաշարքը, որուն, այլ  արաբական վարժարաններու շարքին, իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը եւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը` տարբեր տարիքային բաժիններու եւ ոճերու:

Ստորեւ կը ներկայացնենք մասնակից վարժարաններէն «Ազդակ»-ին փոխանցուած թղթակցութիւնները:

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Զոյգ Պարախումբերը
Լիբանանի
Միջդպրոցական Պարի Մրցոյթի Ախոյեան

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը միշտ եղած է հայ աշակերտը դէպի կատարեալին մղող ռահվիրան:

Ան լաւագոյն ուսումը ջամբելու կողքին, միշտ ալ ձգտած է կերտել այն հայը, որ իրազեկ ըլլայ իր մշակոյթին, ինչպէս նաեւ օտարին, ի մասնաւորի այն երկրին, որուն քաղաքացին է ան: Վարժարանս միշտ ալ յաջողած է իր առաքելութեանց մէջ:

Այդ յաջողութիւններուն հաւաստիքներէն մին հանդիսացաւ մեր պարախումբերուն իրերայաջորդ տարիներու ընթացքին Լիբանանի միջվարժարաններու պարի ախոյեանութեան տիրանալու եզակի երեւոյթը:

Ինչպէս նախանցեալ տարիներուն, այս տարի եւս քոլեճիս պարախումբերը մասնակցեցան Լիբանանի կրթական նախարարութեան կազմակերպած միջդպրոցական պարի մրցոյթին: Կրտսեր աղջիկներուն խումբը հանդիսացաւ երկրորդ, երկսեռ խումբը եւ մեծ աղջկանց խումբը առաջին` իւրաքանչիւրը իր դասակարգին մէջ:

Այս տարի եւս այդ պարախումբերը, որոնք կարծես դադրած էին սոսկ դպրոցական պարախումբ մը ըլլալէ եւ եղած` մէկական արհեստավարժ պարողներ, դարձան հիացմունքի առարկան ե՛ւ հանդիսականներուն, ե՛ւ դատական կազմին, որ ըմբոշխնեց այդ փոքրիկ «արուեստագէտներուն» ներկայացումները: Անոնցմէ ոմանք, ելոյթին ընթացքին սքանչանքով մատնանշեցին այս կամ այն աշակերտը եւ մրցանքի աւարտին իրենց ջերմագին շնորհաւորութիւնները յայտնեցին պարուսոյց Անի Կոստանեանին, որ ոչ մէկ ճիգ խնայեց եւ իբրեւ հմուտ մանկավարժ պարուսոյց` կրցաւ մշակութային պարի սէրը արթնցնել իր աշակերտներուն մօտ եւ անոնց մէջ թաքնուած ձիրքերը դրսեւորելով` ձեռք ձգել այս յաղթանակները: Պարախումբերը շնորհաւորեցին ոչ միայն դատական կազմը, այլ օտար վարժարաններու պարուսոյցներն ու ծնողները: Անոնցմէ ոմանք ըսին, թէ իրենք տարուէ տարի կը սպասեն մեր փոքրիկներուն բերելիք նորութիւններուն` սոյն մրցանքին:

Երկուշաբթի, 7 մայիս 2012-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխումը, որուն ընթացքին երեք խումբերն ալ ստացան իրենց մրցանակները:

Կը շնորհաւորենք վարժարանիս ուսուցչակազմը, ծնողներն ու աշակերտները: Վարձքը կատա՛ր բոլորին:

Գ. Հարպոյեանի Փոքրահասակ Աղջիկները`
Պարի
Ախոյեան

Երկուշաբթի, 7 մայիս 2012-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի միջդպրոցական պարի մրցաշարքի մրցանակաբաշխութիւն` ներկայութեամբ մասնակից վարժարաններու խումբերուն, անդամներուն եւ տնօրէնութիւններուն:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի փոքր աղջիկներուն պարախումբը, ղեկավարութեամբ` պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի, իր կարգին բեմ բարձրացաւ, ներկայացուց պար մը, ապա ստացաւ Լիբանանի միջդպրոցական ֆոլքլորի պարի փոքր աղջիկներու առաջնութիւնը` ախոյեանի մրցանակը:

Կը շնորհաւորենք մեր փոքր աղջիկներուն պարախումբը, պարուսոյցը եւ իրենց կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ` փայլուն ելոյթներով եւ պատուաբեր արդիւնքներով բարձր պահելու Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի անունը:

Ճեմարանը Կը Խլէ Արտայայտչական
Պարի
Առաջին Դիրքը

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը` պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, իր մասնակցութիւնը բերաւ Լեռնալիբանանի միջդպրոցական պարի մրցանքին:

Ճեմարանի խմբակը մրցումի առաջին հանգրուանին ներկայացուց Արա Գէորգեանին – «Արցախ» երաժշտութեամբ պար մը եւ գրաւեց երկսեռ փոքրերու արտայայտչական պարի խմբաւորման առաջին դիրքը, իսկ երկրորդ հանգրուանին` երկրորդ դիրքը Ճեմարանի աշակերտները, շնորհիւ իրենց կատարողութեան եւ համաչափ շարժումներուն կրցան պատուաբեր արդիւնք արձանագրել:

Share this Article
CATEGORIES