Սթրամաքիոնի Նշանակուեցաւ Ինթեր Միլանի Մարզիչ

Անտրէա Սթրամաքիոնի

Ինթեր Միլանի նախագահ Մասիմօ Մորաթթի լրագրողներու հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Անտրէա Սթրամաքիոնի նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ` երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:

36 տարեկան Անտրէա, որ փոխարինեց պաշտօնանկ եղած մարզիչ Քլաուտիօ Ռանիերին, Ա. դասակարգի ֆութպոլի խումբերու մարզիչի փորձառութիւն չունի: Ան նախորդ տարուան աւարտին նշանակուեցաւ Ինթերի երիտասարդներու խումբի մարզիչ:

Սակայն նկատի ունենալով, որ ան յաջողութիւններ ձեռք ձգեց, Մորաթթի որոշեց, որ ան ըլլայ խումբին գլխաւոր մարզիչը:

 

Share this Article
CATEGORIES