Ապատի Այցելեց Նախարար Նահհասի
Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ այցելեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասի, որուն յանձնեց Իրանի ճարտարարուեստի նախարարէն հրաւէր մը` այցելելու Թեհրան:
Ապատի Իրանի կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ լիբանանցի պատասխանատուներուն, յատկապէս նախարար Նահհասին, որոնք օժանդակեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան ամրապնդումին:
Ապատի յայտնեց, որ Իրան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ կը գործակցի` ազատ արձակելու համար Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանցիները առեւանգող կողմը այն խմբաւորումն է, որ առեւանգած է նաեւ իրանցիները:
CATEGORIES Լիբանանեան

