Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի նահատակութեան տարելիցին առիթով յայտնեց, որ Քարամէ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու լիբանանցիներուն համերաշխութիւնը ամրապնդող ղեկավար մը եղած է` աւելցնելով, որ Քարամէի սպանութիւնը պատահած է այն հանգրուանին, երբ լիբանանցիները բաժնել կը փորձէին:
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան օրավարձով աշխատող պաշտօնեաները կը շարունակեն ընկերութեան մէջ իրենց խաղաղ նստացոյցը:
ԱՐԻՏԱՅԻ եւ Ապպուտիէի ճամբաները փակուած են շրջանին բնակչութեան կողմէ, որոնք կը պահանջեն սուրիական բանակին կողմէ առեւանգուած երկու քաղաքացիները` Մոհամետ Մերեհպին եւ Մեհտի Համտանը Լիբանան վերադարձնել:
ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան Ժապալ Մըհսենի վրայ երեք հրթիռներ արձակուած են եւ կրակոցներ արձանագրուած: Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յայտնեց, որ կուսակցութիւնը ինքնազսպումի ենթարկուած է եւ ոչ մէկ ձեւով հակադարձած: Սակայն երէկ առաւօտեան Պապ Թըպպանէն թիրախ դարձած է նռնականետերու, իսկ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ արձակազինութիւն արձանագրուած:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը կը հետապնդէ լիբանանցի առեւանգուածներուն թղթածրարը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու առումով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կեցուածքը կարելի է նկատել Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կեցուածքը:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Թուրքիա կատարած այցելութեան նպատակն է ներկայ գտնուիլ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած քաղաքակրթութեանց տագնապին վերաբերող խորհրդաժողովին, որուն ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Քաթարի վարչապետը եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ դրուատած է օրավարձով աշխատող պաշտօնեաներու հարցին գծով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի առաջարկած օրինական լուծումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ առեւտուրի, տնտեսութեան, երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Շըքէյր հաստատեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը մահաքունի մէջ է եւ երկրին ապագան վտանգուած է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները պիտի շարունակուին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:
ԸՍՏ «Շարք Աուսաթ»-ի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Թուրքիա ուղղուած է ոչ մէկ նորութեան կամ տեղեկութեան հիման վրայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմեթ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի առաջարկուելիք նախաձեռնութիւնը կը միտի յաջողցնել Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը:
ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթին, լիբանանեան ընդդիմութիւնը յառաջիկայ օրերուն իր կատարելիք հանդիպումին ընթացքին պիտի որոշէ Ազգային երկխօսութեան հրաւէրին ընդառաջելու կամ զայն մերժելու իր կեցուածքը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նեղացած է Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցութեան առումով Մուսթաքպալ հոսանքի պարտադրած նախապայմաններէն:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի որդեգրած քայլերը ցուցանիշներ են, թէ լուրջ աշխատանք կայ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը լուծելու առումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պիտի արգիլէ Սուրիոյ մէջ գրգռութիւններ հրահրել միտող բոլոր փորձերը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը հարաւային Լիբանանի վերեւ թռիչքներ գործեց «Էֆ. 16» տիպի չորս կործանիչներով: Նախքան այդ կործանիչներուն թռիչքները, «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Լիբանանի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով երկրին գերիշխանութեան դէմ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկեան աղբիւրներէ, կը տեղեկացնէ, թէ Լիբանանի մէջ գործող իրանեան ցանց մը կը ծրագրէ ահաբեկել լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներ, որոնց շարքին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Մոհամետ Ասիրի Մուսթաքպալ հոսանքէն պիտի խնդրէ ընդառաջել Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու հրաւէրին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք կ՛ուղղուին դէպի կառավարութենէն հրաժարում:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներուն կողմէ իրենց քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութիւնը արգիլելու որոշումը քաղաքական ենթահող ունի եւ ոչ թէ ապահովական:

