Քի Մուն Սուրիոյ Մէջ Աղէտալի Քաղաքացիական Պատերազմէ Մը Կը Զգուշացնէ. «Սուրիոյ Նկատմամբ Ռուսիոյ Քաղաքականութիւնը Քաղաքացիական Պատերազմի Յառաջացման Պիտի Նպաստէ» Կ՛Ըսէ Քլինթըն

Պան Քի Մուն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն քննադատեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ հարցով քայլի մը Ռուսիոյ ընդդիմութիւնը` զգուշացնելով, որ ռուսական քաղաքականութիւնը կրնայ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի յառաջացման նպաստել: Ան Քոփենհակընի մէջ ուսանողներու դիմաց արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ «ռուսերը ինծի կ՛ըսեն, թէ քաղաքացիական պատերազմ մը չեն ուզեր, եւ իրենց շարունակ ըսի, թէ իրենց քաղաքականութիւնը պիտի նպաստէ քաղաքացիական պատերազմի յառաջացման»` աւելցնելով, որ «պէտք է ռուսերը համոզենք, որովհետեւ մեր դիմագրաւած վտանգները ահաւոր են»:

«Բանակին ու կառավարութեան համակիր միլիսներուն եւ հետզհետէ աճող կերպով ընդդիմութեան կողմէ անմեղներու շարունակական սպանութիւնը (…) կրնայ քաղաքացիական պատերազմի վերածուիլ», ընդգծեց Քլինթըն:

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդականի տեղակալ Տենիս ՄըքՏոնա երէկ Տոհայի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ իսլամական երկիրներու վեհաժողովի ընթացքին յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ կը վստահեցնեն, որ Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու շուրջ Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւնը սարերու ետին չէ»` աւելցնելով, որ Ասատի վարչակարգը իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է:

Քրեմլին երէկ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ կեցուածքը հաստատ է եւ ճնշումի տակ պիտի չփոխուի»: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին կոչ ուղղեց Անանի ծրագիրին յաւելեալ ժամանակ տրամադրելու:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Սուրիոյ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրի գործադրման իր յանձնառութիւնները յարգելու:

Ան Պոլսոյ մէջ «Մշակոյթներու դաշնակցութեան նախաձեռնութիւն» խորագիրը կրող խորհրդաժողովին ընթացքին Սուրիոյ կառավարութենէն պահանջեց «իր ժողովուրդին նկատմամբ իր պատասխանատուութեանց տէր կանգնիլ»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը միջազգային դէտերը «միջազգային ընտանիքի աչքերն ու ականջները» նկատեց: Ան մտավախութիւն յայտնեց, որ «թերեւս Սուրիոյ մէջ շրջադարձային կէտի հասած ենք»:

Պան Քի Մուն զգուշացուց Հուլայի մէջ աւելի քան հարիւր քաղաքային զոհեր պատճառած ջարդէն ետք Սուրիոյ մէջ «աղէտալի քաղաքացիական պատերազմէ» մը` աւելցնելով, որ այդպիսի ջարդերը «կրնան Սուրիան ընկղմել աղէտալի քաղաքացիական պատերազմի մը մէջ, որմէ պիտի չկարենայ դուրս գալ»:

Միւս կողմէ, Սուրիական ազատ բանակի հրամանատար գնդ. Ռիատ Ասաատ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր ղեկավարած բանակը յանձնառու է Անանի ծրագիրին եւ հերքեց, թէ Սուրիական ազատ բանակը սուրիական վարչակարգին Անանի ծրագիրին յանձնառու դառնալու 48 ժամուան պայմանաժամ մը տուած է:

Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա միատեղ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթիի հետ: Ղեկավարները քննարկած են Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումները: Անոնք Սուրիոյ մէջ քաղաքական խաղաղ եւ արագ իշխանափոխութեան կարեւորութիւնը շեշտած են:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ «համաշխարհային խիղճը չի կրնար Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածին նկատմամբ լուռ կենալ»:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սիւզըն Ռայս յայտարարեց, որ Անանի խաղաղութեան նախագիծին տապալումէն ետք միջազգային ընտանիքին համար միայն մէկ ելք կը մնայ` գործել շրջանցելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը: Ան Ապահովութեան խորհուրդի չորեքշաբթի օրուան փակ նիստէն ետք յայտարարած է, որ «դժբախտաբար, ամէնէն վատ տարբերակը այժմ ամէնէն հաւանականն է»: ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին իր կարգին նշած է, որ վատագոյն դիպաշարերէն խուսափելու միակ միջոցը Անանի ծրագիրը գործադրելն է:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «շրջանի ժողովուրդները պէտք է իրենց ճակատագիրը ճշդեն առանց արտաքին միջամտութեան»: Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան, Հէյկ յստակօրէն նշեց, որ այդ կարելիութիւնը ռուսական եւ չինական ընդդիմութեան պատճառով առայժմ բացառուած է, որովհետեւ այդ ընդդիմութեան պատճառով կարելի չէ այդպիսի որեւէ միջամտութեան համար ՄԱԿ-էն լիազօրութիւն ստանալ: Ան հաւանական նկատեց, որ «սուրիական յեղափոխութիւնը երկարի»` նախատեսելով, որ ան «ամիսներ կամ տարիներ» երկարի, սակայն նշեց, որ կարելի չէ Անանի ծրագիրին յաջողութեան «անվերջ» սպասել:

 

Share this Article
CATEGORIES