Իսրայէլ 91 Պաղեստինցիներու Աճիւնները Կը Վերադարձնէ

Իսրայէլ Պաղեստինեան իշխանութեան յանձնած է 91 պաղեստինցիներու աճիւնները, որոնց շարքին են անձնասպանական գործողութեան հեղինակներու եւ զինեալներու մարմիններ. անոնցմէ ոմանք 1975-ին զինեալ գործողութիւններու ընթացքին սպաննուած են:

Աճիւններու վերադարձը մէկ մասն է կողմերուն միջեւ նախապէս ձեռք բերուած այն համաձայնութեան, որ հաստատուած էր Իսրայէլի բանտերուն մէջ հարիւրաւոր պաղեստինցիներու յայտարարած հացադուլէն ետք:

Ըստ Իսրայէլի, ասիկա վստահութեան ստեղծման քայլ է:

Պաղեստինցիներուն աճիւնները հողին պիտի յանձնուին հանդիսաւոր արարողութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES