Պաքուի Մէջ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի Արձանը Պիտի Կանգնեցուի

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ 10 յունիսին Պաքուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Պաքուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ ղեկավար Վլատիմիր Ֆաքեթէ յայտնած է, որ իտալացի վարպետներու աշխատանք եղող արձանը արդէն տեղափոխուած է Պաքու:

Արարողութեան մասնակցելու համար Պաքու պիտի այցելէ Վատիկանի պատուիրակութիւնը: Արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան Ազրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ եւ կրօնական գործիչներ:

 

Share this Article
CATEGORIES