Մամլոյ Արձագանգ. Խենթութեան Հովը` Իսամ Մահֆուզի «Զանզալախդ»-ի Շուքին Տակ

ԷՏԿԱՐ ՏԱՒԻՏԵԱՆ

Յակոբ Տէր Ղուկասեանի ուժեղ բեմադրութեամբ եւ շնորհիւ շարք մը գերազանց դերասաններու մասնակցութեան` Իսամ Մահֆուզի «Զանզալախդ» թատերախաղը կը վերայայտնուի հայերէն տարբերակով, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Վարչակարգին ենթակայ ու հիւանդ ընկերութեան մը մէջ խումբ մը խենթեր ներկայ կ՛ըլլան անվերջ դատավարութեան մը, ուր կը տիրէ խլացնող լեզու եւ անսանձ երեւակայութիւն:

Դատարկ բեմին վրայ` դուռ մը, որ ի զուր կը թակուի, եւ` քանի մը առարկաներ, որոնք կը ծառայեն դատարանի կերտման:

Բանուորի կապոյտ գոգնոցը հագած, ճաղերու ետեւ դատապարտուած` Սաատունը դէմ յանդիման կը գտնուի երկար թեւով բամպակէ ճերմակ ներքնազգեստներ հագած Զօրավարին, վկաներուն եւ գրագիրին:

Թուղթէ գլխարկներ, թաշկինակներ, բուրդէ հիւսուած գդակներ:

Գիրուկ, մեծափոր, նիհար կերպարներ: Թափթփած ու շռայլ մանրանկարներ, որոնք կարծես խենթանոցէն փախած ըլլան:

Կանխատեսելի պատմութեամբ, բայց յղկող նորութիւններով օժտուած այս գրութիւնը կը խօսի ընկերային բռնութեան ու ժողովուրդի անբանացման մասին: Պատրանքի եւ իրականութեան, դառնութեան եւ բանաստեղծութեան, շփոթի եւ խաբէական պայծառատեսութեան, մտագարութեան եւ կեղծիմաստութեան խաչմերուկին վրայ ընկերութիւնը ամբաստանուած է իր անարդարութեան, շեղումներուն ու քարսրտութեան համար:

Հատ ու կտոր ընկերութիւն մը` կռուարար, միշտ անհամաձայն, ուր սրտի, հոգիի եւ մարմինի խաղաղութիւնը կը մնայ անհանդարտ ու յոգնեցուցիչ:

Նեղացուցիչ խեղկատակութիւն մը. քարնաւալային եւ մարմնային այս գործը դժուար, մութ ու ճնշիչ է: Խուճապ, հեգնական եւ անհեթեթ թատրոնի մը խառնուրդը, որ կը նետէ ծուռ ցանցերը նախադասութիւններու լաբիւրինթոսին մէջ, որ շփոթութիւն կը պատճառէ, կը շեղէ եւ կը սպաննէ:

Ոճիր մը, որ տեղի ունեցած է: Հարցաքննութիւն մը պղտոր ու թեթեւի առնուած` կը վերածուի կատակի: Ի միջի այլոց, սպասելով Զօրավարին վճիռին` դատապարտեալը կը լսէ ձայներ եւ կ՛ունենայ տեսիլքներ, իրեն կ՛երեւին հրեշտակ մը, իր մայրը, մուրացկանը եւ կնքահայրը, որ միեւնոյն ատեն իր փաստաբանն է, մանաւանդ կէս-մարդ կէս-ծառ (թատերային հրաշալի վայրկեաններ դերասանի մը, որ կը վերածուի ծառի կոճղի` օդային եւ բանաստեղծական արտայայտութեամբ), հռչակաւոր «Զանզալախդ»-ը, Հնդկաստանի մանուշակը, լեղի, առանձին ու ամպոտ, որ կու տայ իր անունը այս գործին:

Հրեշտակներու այս հանդիպումները, մին` բանտարկուած անցեալին մէջ, միւսը` իր ազգականը, իր կեղծ պատկերը, բարին, չարը երազի՞, թէ՞ մղձաւանջի հրաւիրատոմս են, պոռթկումի՞, թէ՞ խաղաղութեան, շփոթի՞, թէ՞ յստակութեան:

Եզրակացնելով` այս ծիծաղելի ու խղճալի յիմար հանդիպումը, ուր իրականութիւն եւ գեղարուեստ իրարու կը հանդիպին, ուր ճշմարտութիւն եւ ոչ ճշմարտութիւնը կը միաձուլուին, ուր սեւը եւ սպիտակը կը միաձուլուին, ուր բարին եւ չարը դրամի երկու երեսներն են: Ընկերութիւնը, անոր կառուցուածքը, մարդկային յարաբերութիւնները փայլատակող, գերիրապաշտ ու մերկ ձեւով հրամցուած են: Բժիշկը կը ժամանէ ու կը հրաւիրէ խենթերը ճաշասենեակ: Կախ գլուխով, հողաթափեր իրենց ոտքին, «ռոպ տիւ շամպրը» հագած, ծանր քայլերով, որպէս քաֆքայական կերպարներ, դուրս կ՛ելլեն:

Ներկայացումը լաւ կը վերջանայ: Սպիտակ վարագոյրներ կու գան գոցելու հանդիսատեսին երկու կողմերը: Այնպէս որ, հանդիսատեսը` պարզ ականատես կամ մեղսակից, ներգրաւուած է այս ֆարսին մէջ:

Բնագիրին հայերէն թարգմանութիւնը կը պատկանի Հրակ Տեմիրճեանին եւ բեմի պատերուն երկու կողմերը կը լուսարձակուին արտասանուած խօսքերուն արաբերէն տարբերակները:

 

Լ՛օրիան լը Ժուր / 28 մայիս 2012

Share this Article
CATEGORIES