Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ Արուեստագէտ Հրայրի Նոր Հրատարակուած Գեղանկարչական Ալպոմներու Մակագրութիւն
Երէկ` հինգշաբթի, 31 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-9:00 Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ լիբանանահայ հանրածանօթ գեղանկարիչ Հրայր մակագրեց իր ստեղծագործական կեանքի տարբեր հանգրուանները ներկայացնող նոր հրատարակուած գեղանկարչական ալպոմը:
Յայտնենք, որ ալպոմի իւրաքանչիւր օրինակի կողքին վրայ Հրայր տարբեր գեղանկարներ գծած է: Այս առիթով տեղի ունեցաւ նաեւ Հրայրի նոր ստեղծագործութիւններէն գեղեցիկ հաւաքածոյի մը ցուցահանդէսը:
Խանդավառուած նախաձեռնութեան յաջողութենէն եւ գտած ընդունելութենէն, որոշուեցաւ ալպոմներու վաճառքը եւ ցուցահանդէսը շարունակել նաեւ ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը:
CATEGORIES Գաղութային


