Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Պիլիվըրզ` 48-33. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Թատամոն Զուք
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Պիլիվըրզ մրցումը, որ աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն յաղթանակով` 48-33 արդիւնքով: Ա. կիսախաղին եւս ՀՄԸՄ գերազանցեց իր մրցակիցը` 22-17 արդիւնքով:
Մնալով 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր, միեւնոյն դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները կը մրցին Թատամոն Զուքի դէմ:
CATEGORIES Մարզական

