Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում. Այաստան Պարտուեցաւ Յունաստանէն` Նուազագոյն Հաշիւով (1-0). Պերեզովսքի Զսպեց Երկու Փենալթի
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան – Յունաստան հանդիպումը:
Յունաստան իր եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց 23-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Շալքէի մաս կազմող Քիրիաքոս Փափատոփուլոսի (23-րդ):
Նշանակուած այդ կոլէն ետք երկու կազմերն ալ փորձեցին այլ կոլ նշանակել, սակայն արդիւնքը մնաց անփոփոխ եւ Հայաստան պարտուեցաւ նուազագոյն հաշիւով:
Հայաստան կրնար յաւելեալ կոլեր ալ ստանալ իր բերդին մէջ, սակայն բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի յաջողեցաւ զսպել երկու փենալթի` արգելք հանդիսանալով յոյներուն, որ յաջողին ցնցել իր բերդին ուռկանը:
Մրցումին աւարտէն վայրկեաններ առաջ, օրուան աւստրիացի իրաւարար Ալեքսանտր Հերքամ կարմիր քարտով մը դաշտէն հեռացուց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանը:
Ակնարկ մը նետելով մրցումին վրայ, տեղին է նշել, որ Հայաստանի հաւաքականը կը տառապէր ֆինիշինկի պակասէ: Հենրիխ Մխիթարեանի, Եուրա Մովսիսեանի եւ Մարքոս Փիցելլիի հարուածները կա՛մ տարբեր ուղղութեամբ կ՛երթային եւ կա՛մ թեթեւ կ՛ըլլային:
Երէկուան մրցումին Հայաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով` Ռոման Պերեզովսքի, Սարգիս Յովսէփեան, Ռոպերթ Արզումանեան (Հրայր Մկոյեան, 78-րդ), Վալերի Ալեքսանեան, Լեւոն Հայրապետեան, Կարլեն Մկրտչեան, Գէորգ Ղազարեան, Դաւիթ Մանոյեան (Զաւէն Պատոյեան 59-րդ), Հենրիխ Մխիթարեան, Մարքոս Փիցելլի (Արտակ Ետիկարեան, 73-րդ) եւ Եուրա Մովսիսեան:

