Պոլսոյ Մէջ Միքաթի Հանդիպումներ Ունեցաւ Էրտողանի, Տաւութօղլուի Եւ Քի Մունի Հետ

Էրտողան եւ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Պոլսոյ մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ:

Հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել եւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր:

Թուրք պատասխանատուներուն եւ Քի Մունի հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին վարչապետ Միքաթի արծարծեց առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը եւ զանոնք ազատ արձակելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը:

Միքաթի եւ Քի Մուն

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ  զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի մասնակցեցաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին արտասանեց խօսք մը` ընդառաջելով վարչապետ Էրտողանի փափաքին:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի պահպանէ պատգամ երկիր ըլլալու իր յատկութիւնը, ինչպէս նաեւ պահանջեց յաջորդ խորհրդաժողովը կայացնել Լիբանանի մէջ, որպէսզի խորհրդաժողովին մասնակիցները ականատես ըլլան, թէ Լիբանանի մէջ ինչպէ՛ս է համերաշխութիւնն ու գոյակցութիւնը` տարբեր համայնքներուն միջեւ:

Անհրաժեշտ է նշել, որ երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն վարչապետ Միքաթի դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Էրտողանի հետ: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Միքաթիի եւ Էրտողանի կատարելիք միացեալ մամլոյ ասուլիսը անորոշ պատճառներով ջնջուեցաւ:

 

Share this Article
CATEGORIES