Պըրրի Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրավիճակը

Զօր. Իպրահիմ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կայունութեան վերաբերող հարցեր:

Խորհրդարանի նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին հետ:

Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը խստիւ դատապարտեց Պըրրին սպանոթեան թիրախ դարձնող բոլոր փորձերը, յատկապէս անոր դէմ բացայայտուած մահափորձը: Ան բարձր գնահատեց Պըրրիի ջանքերը` ներքին լիբանանեան ապահովութիւնը ամրապնդելու եւ ազգային երկխօսութեան մթնոլորտը ամրապնդելու իմաստով:

Հաղորդակցութեան ընթացքին Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը խորհրդարանի նախագահէն տեղեկացաւ լիբանանցի առեւանգուածներուն թղթածրարին զարգացումներուն մասին:

Share this Article
CATEGORIES