Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Ապպուտիէի Մէջ Առեւանգուած Երիտասարդները Ազատ Արձակելու

Ռայի պատրիարքը եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան Պաապտայի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման այսօր միօրեայ այցելութեամբ մը կը մեկնի Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում մը կ՛ունենայ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ առեւանգումի եւ սպանութեան պարագաները հետզհետէ կ՛աւելնան եւ կը դառնան մտահոգիչ: Ան նկատել տուաւ, որ այդ պարագան խիստ մերժելի է, եւ հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ երկու կողմերն ալ` լիբանանեան եւ սուրիական,  բոլոր հետաքննութիւնները կատարեն` կանխարգիլելու համար նման միջադէպերը:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ գերիշխանութիւնները յարգելը երկու երկիրներուն շահերուն եւ անոնց խաղաղութեան կը ծառայէ:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց սուրիական իշխանութիւններուն ազատ արձակելու Ապպուտիէի մէջ առեւանգուած երկու  երիտասարդները:

Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհասը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան աշխատանքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի: Քննարկուեցան կարգ մը հաստատութիւններու մէջ արձանագրուած հարցերը, ինչպէս նաեւ հաստատութեանց պաշտօնեաներուն հարցերը:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ:

 

Share this Article
CATEGORIES