Ռիֆ Հալէպի Յեղափոխական Խորհուրդը Կը Ստանձնէ Լիբանանցիներուն Առեւանգման Պատասխանատուութիւնը

Երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն Ռիֆ Հալէպի յեղափոխական խորհուրդի բանբեր Ապու Ապտալլա Հալէպի վիտէօ հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ:

Հաղորդակցութեան ընթացքին Հալէպի յայտնեց, որ Ռիֆ Հալէպի յեղափոխական խորհուրդն է լիբանանցիները առեւանգողը, եւ ցոյց տուաւ առեւանգուածներուն անցագիրները, ինչպէս նաեւ առեւանգուած լիբանանցիներէն պատկեր մը:

Հալէպի յայտնեց, որ անոնք ողջ առողջ են եւ իրենք կը հիւրընկալեն զանոնք:

Հալէպի ընդգծեց, որ առեւանգուածներուն ազատ արձակումը կարելի պիտի ըլլայ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ իր վերջին ճառին գծով ներում հայցելէն ետք:

«Մեր հարցը տուեալ համայնքի մը հետ չէ, այլ անոնց, որոնք կը փորձեն խեղդել սուրիական յեղափոխութիւնը», ըսաւ Հալէպի:

Միւս կողմէ, Հալէպի աւելցուց, որ առեւանգուած լիբանանցիները պատանդ առնուած են սուրիացիներուն դէմ ճնշում բանեցնելու յանցանքով: Ան ընդգծեց, որ իրենք տակաւին հետաքննութիւն կը կատարեն եւ հետաքննութեան արդիւնքներուն հիման վրայ ազատ պիտի արձակեն բռնարարքներ չգործող լիբանանցիները, իսկ յանցագործները պիտի ենթարկեն համապատասխան պատիժի:

ՆՇԵՆՔ, որ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պիտի արտասանէ ճառ մը` իմամ Խումէյնիի վախճանման տարելիցին առիթով:

Share this Article
CATEGORIES