Հանրապետութեան Եւ Խորհրդարանի Նախագահները Ընդունեցին Քոֆի Անանը

Նախագահ Սլէյման կը դիմաւորէ Անանը

Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային պատուիրակ, ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անան երէկ այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Նախագահական պալատին մէջ երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին նախագահ Սլէյման ընդունեց Անանը, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ տագնապին լուծման նպատակով Անանի ներկայացուցած ծրագիրին մանրամասնութիւնները, վերջինիս արձանագրած արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ղեկավարներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Նախագահ Սլէյման դրուատեց Անանի ջանքերը` անհրաժեշտ նկատելով մինչեւ Սուրիոյ տագնապին լուծումը այդ ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը, հեռու մնալով բռնարարքներէ եւ հետեւելով խաղաղ միջոցներու:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ մէջ լիբանանցի առեւանգուածներուն ճակատագիրը բացայայտելու եւ զանոնք ազատ արձակելու հեռանկարները:

Քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումի թղթածրարը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Անանը, որուն հետ քննարկեց վերոնշեալ հարցերը:

Զոյգ հանդիպումներէն ետք Անան մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Նշենք, որ այսօր Անան վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Կը նախատեսուի, որ հանդիպումէն ետք Անան մամլոյ ասուլիս մը տայ վարչապետարանին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES