Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Պիտի Ներկայացուի Քանատայի Մարդու Իրաւունքներու Թանգարանին Մէջ
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով 29 մայիսին Մոնրէալի Հայկական կեդրոն այցելած են Քանատայի Մարդու իրաւունքներու թանգարանի հանրային կապերու պատասխանատու Անժելա Քասի եւ արխիւային հետազօտութիւններու բաժանմունքի վարիչ դոկտ. Քլինթ Քըրլ:
Ինչպէս քանատահայ «Հորիզոն»-ը Tert.am-ին յայտնած է, այցելութեան նպատակն էր քանատահայութեան համայնքային ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչները իրազեկ դարձնել Մարդու իրաւունքներու թանգարանին մասին:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տոնապետեան հանդիպումին բացման խօսքը կատարելէ ետք խօսքը փոխանցած է Անժելա Քասի, որ թանգարանին մասին տեղեկութիւններ հաղորդած է: Թանգարանը կը գտնուի Մանիթորա նահանգի Ուինիփեկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները ընթացք առած են 2007-ին եւ պիտի աւարտին 2014-ին:
Ան մանրամասնօրէն ներկայացուցած է տարբեր յարկերուն վրայ գտնուող տաղաւարները: Թանգարանի մուտքին մօտ գտնուող առաջին տաղաւարին մէջ ներկայացուած են մարդ-անհատի իրաւունքներու համաշխարհային պատկերացումները, յաջորդ տաղաւարին մէջ` Քանատայի բնիկ հնդիկ ցեղերու պատմութիւնն ու մշակոյթը եւ անոնց իրաւունքներու ոտնահարումը: Յաջորդ սրահներուն մէջ կը ներկայացուին արխիւային լուսանկարներ ու վաւերագրական ժապաւէններ:
Թանգարանի երրորդ յարկին վրայ կը գտնուի ցեղասպանութիւններուն նուիրուած բաժինը: Հրէական Ողջակիզումի բաժինի` Ռաֆայէլ Լեմքինին նուիրուած տաղաւարին մէջ կը տրուի «ցեղասպանութիւն» եզրի բացատրութիւնը, որուն մէջ կը նշուի տարբեր ցեղասպանութիւններու մասին: Կը ներկայացուին հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութիւններու եւ Սրեպրենիցայի ջարդերու պատմութիւնը:
Երրորդ յարկի վերջին ենթաբաժինը կ՛անդրադառնայ ցեղասպանութեան ժխտման եւ այդ երեւոյթը միջազգայնօրէն դատապարտելու անհրաժեշտութեան:

