Նալբանդեան Ընդունեց Հարաւային Կովկասի Եւ Վրաստանի Տագնապին Հարցով Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչը

Լեֆոր եւ Նալբանդեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի տագնապի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:

Զրուցակիցները քննարկեցին Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումներուն:

Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ֆիլիփ Լեֆոր միտքեր փոխանակեցին նաեւ շրջանային խնդիրներուն վերաբերեալ:

Share this Article
CATEGORIES