ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ (Ա.)

Ռումիէի բանտին կեդրոնական շէնքը:

«Մեր յեղափոխութիւնը իրաւազրկումի քաղաքականութեան դէմ է», հաստատեց արգելափակեալ մը, որ Ռումիէի բանտէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կ՛ունենար լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներէն մէկուն հետ:

Արաբական աշխարհին մէջ վարչակարգերուն դէմ բռնկած բողոքի շարժումներուն առընթեր Լիբանանի մէջ ծայր տուած համայնքային վարչակարգին դէմ կատարուած բողոքի ցոյցերուն կողքին, շաբաթ, 2 ապրիլին, Ռումիէի բանտէն հնչեց «յեղափոխութեան» այլ ձայն մը եւ բարձրացաւ հսկայ հրդեհ մը, որ մեծ աւեր ու քանդում գործեց արդէն իսկ հիւծող բանտին մէջ:

Արգելափակեալներուն ըմբոստութեան պատճառով ստեղծուած քաոսը, ինչպէս նաեւ ոստիկաններու գերեվարումը եւ բանտապահներու պատանդ մնալու իրավիճակը վերջ գտաւ, երբ 700 զինուոր հաշուող լիբանանեան բանակի ու ներքին ապահովութեան ուժերու յատուկ ջոկատներ ներխուժեցին բանտ` հանդարտեցնելու համար կացութիւնը եւ վերահաստատելու համար բանտին կարգապահութիւնը:

Ապահովութեան յատուկ ջոկատներ կը ներխուժեն բանտ:

Մինչ յատուկ աշխատանքային խումբերուն հրահանգուեցաւ Ռումիէի բանտին մէջ կատարուելիք նորոգութիւններն ու շինութիւնները ամբողջացնել տասը օրէն, օրական 24 ժամ աշխատանքի հեւքով, շուրջ մէկ շաբաթ տեւած արգելափակեալներուն ըմբոստութիւնը կարելի եղաւ հանդարտեցնել ու խաղաղեցնել, ինչպէս նաեւ յայտարարել, թէ ապահովութեան ուժերուն կողմէ բանտ ներխուժելու իբրեւ հետեւանք արձանագրուած են երկու զոհեր եւ 14 վիրաւորներ:

Կայունութեան հաստատումէն քանի մը ժամ ետք Ռումիէի բանտ հասան մեծ թիւով բեռնակառքեր, որոնք սննդեղէն եւ տարրական կարիքներ փոխադրեցին արգելափակեալներուն:

ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ

Արգելափակեալները` իրենց խուցին մէջ:

Արգելափակեալներուն հարազատները հասան իրենց ամուսիններուն, զաւակներուն, հայրերուն եւ եղբայրներուն օժանդակութեան, սակայն անոնք հազիւ կրցան իրենց օժանդակութիւնը յայտնել անոնց զօրակցական ցոյցեր կատարելով եւ անոնց պահանջները ներկայացնելով ներքին գործոց եւ արդարութեան նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ բողոքի ձայն բարձրացնելով Պէյրութի Արդարութեան պալատին առջեւ:

Արգելափակեալներուն հիմնական պահանջներն է դատավարութեան ենթարկուիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ վճիռի համաձայն գիտնալ, թէ խնդրոյ առարկայ անձը քանի՞ տարուան բանտարկութիւն ստացած է եւ կամ վճիռ մը չարձակուելու պարագային` ներում շնորհուի եւ բանտարկեալը ազատ արձակուի: Այլ պահանջներէն են` բանտարկութեան տարուան տեւողութիւնը իննը ամիսով սահմանափակել, արգելափակեալներուն թղթածրարները ամբողջութեամբ յանձնել արդարութեան նախարարութեան եւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ արագ կերպով կատարել դատավարութիւնները:

Արգելափակեալներուն հարազատները պահանջած են իրենց հարազատները այցելելու համար յատուկ արտօնագիրներու չդիմելու, այլ բաւարարուելու ուղղուելով բանտ եւ արձանագրելով իրենց անունը եւ պատասխանատուներուն մօտ ձգելով իրենց անձնաթուղթը` մինչեւ այցելութեան ժամանակին աւարտը: Անոնք կը պահանջեն նաեւ իրենց հարազատներուն ամէն տեսակ սննդեղէն տրամադրելու արտօնութիւնը, նոյնիսկ եթէ բանտին մուտքին ոստիկանները պիտի խուզարկեն փոխադրուած ուտելիքները, անշուշտ` զանց առնելով արգիլուած ապրանքները:

Արգելափակեալներուն հարազատները բոլոր այս պահանջները լսելի դարձուցին, սակայն նստացոյցերուն ընթացքին անոնք բախումներ ունեցան ապահովական ուժերուն հետ, ոմանք իրենց ուշքը կորսնցուցին հրկիզուած անիւներուն ծուխը շնչելու պատճառով եւ բազմիցս փակեցին գլխաւոր եւ միջազգային ճամբաներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԻՍՏ

Ռումիէի բանտին մէջ արձանագրուած ըմբոստութիւնները մղեցին, որ մարդկային իրաւունքներու եւ արդարութեան ու վարչական հարցերու խորհրդարանական երկու մնայուն յանձնախումբերը անցեալ հինգշաբթի գումարեն նիստ մը` զուտ բանտերուն հարցով:

Խորհրդարանական յանձնախումբերուն միացեալ նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ` ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտ, արդարութեան նախարար Իպրահիմ Նաժժար եւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա, ինչպէս նաեւ` ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, ոստիկանապետի գործակատար զօր. Սալահ Ժըպրան եւ Ռումիէի բանտի հոգեւոր խորհրդատու հայր Մարուան Ղանեմ:

 

Հրկիզուած ու քարուքանդ բանտը:

 

 

 

 

 

 

 

 

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան բանտերուն պարզած ներկայ կացութիւնը, գերխճողուածութիւնը եւ բանտապահներուն պատասխանատուութիւնը:

Պարուտ ժողովին ներկայացուց Ռումիէի բանտին մէջ արձանագրուած նիւթական վնասներուն պատկերը` շեշտելով, որ ստիպողական վիճակներու գերագոյն խորհուրդին 7,5 միլիառ լ. ոսկի յատկացուած է, որպէսզի ան կարենայ ամէնէն արագ միջոցին բանտը վերանորոգել:

Բանտարկեալներու հարազատներուն ցոյցը` բանտին մուտքին...

... եւ Պէյրութի Արդարութեան պալատին առջեւ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խորհրդարանական երկու յանձնախումբերը նկատել տուին, որ արդարութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւնները եւ ապահովական պատկան մարմինները կը կրեն ստեղծուած այս կացութեան միացեալ պատասխանատուութիւնը:

Միւս կողմէ, սակայն, կարելի չեղաւ պատասխանատուութիւնները ճշդել` արգիլուած ապրանքները բանտ փոխադրելու առումով:

ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

Ընթացիկ աշխատանքներու ամբողջացման կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտ անդրադառնալով Ռումիէի մէջ արձանագրուած ըմբոստութեան ալիքին` յայտնեց, որ նախարարութիւնը նախանձախնդիր էր, առանց կաթիլ մը արիւնի, խաղաղեցնելու կացութիւնը. ան ցաւ յայտնեց արձանագրուած երկու զոհերուն համար եւ շեշտեց, թէ այդ գծով լայն քննութիւն մը պիտի բացուի` գիտնալու համար անոնց մահուան դրդապատճառները:

Պարուտ շեշտեց, որ հարկ է օգտագործել բոլոր այն ձեւերը, որոնք կ՛ապահովեն աշխատանքի մը արդիւնքները կամ կը բացայայտեն որոշ կացութեան մը ճշմարտութիւնը` աւելցնելով, որ այս պարագային ըմբոստութիւնը եւ քաոսը ոչ մէկ արդիւնքի յանգեցան:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ ներկայիս բանտերուն մէջ պարզուած իրավիճակը հետեւանք է լիբանանեան պետութեան կողմէ ցուցաբերուած անտեսումին: Ան շեշտեց, որ հարկ է արդարութիւն բանեցնել եւ ամէն ջանք ի գործ դնել բանտերուն մէջ բարեկարգումի ծրագիրները գործադրելու առումով:

Մուխայպեր հաստատեց, որ լիբանանեան բանտերուն մէջ գտնուող արգելափակեալներուն 70 առ հարիւրը տակաւին դատավարութեան չէ ենթարկուած եւ անոնց դէմ ոչ մէկ վճիռ արձակուած է, որովհետեւ դատարանները կը դանդաղին իրենց աշխատանքին մէջ, ինչպէս նաեւ կան այնպիսի պարագաներ, որոնց ծիրին մէջ յանցագործներուն կողմէ գործուած քրէական յանցանքին համապատասխան դատավարութիւն չեն կատարեր, ինչ որ պատճառ կը դառնայ բանտերուն մէջ մեծ թիւով եւ անորոշ ճակատագիրով արգելափակեալներ պահելու եւ, հետեւաբար, բանտերուն մէջ տիրող կացութիւնը բարդացնելու:

Մուխայպեր շեշտեց, որ Ռումիէի մէջ կան գերխճողուած բանտախուցեր, աւելցնելով, որ այսօրուան առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ Ռումիէի մէջ շարք մը առաջարկներ գործադրելու: «Իսկ դատական իշխանութիւնները պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն տրուած որոշումները եւ արագացնեն դատավարութիւնները», ըսաւ ան` մաղթելով, որ Ռումիէի բանտէն ծագած այս տագնապը ահազանգ մը կ՛ըլլայ դատական եւ օրէնսդրական բոլոր հաստատութիւններուն համար, որպէսզի անոնք յաւելեալ հոգատարութիւն ցուցաբերեն բանտերու հարցին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ այդ տագնապին լուծման համար որդեգրեն լուրջ եւ ազդու միջոցներ:

Մուխայպեր լուսարձակի տակ առաւ նաեւ այն իրականութիւնը, թէ արգելափակեալներուն հարազատներուն եւ բանտերուն, ինչպէս նաեւ խնդրոյ առարկայ իշխանութիւններուն միջեւ վստահութիւն չկայ այլեւս: Երեսփոխանը շեշտեց, որ Լիբանանի բանտարկեալներուն հարցին հանդէպ կարելի չէ առարկայական մօտեցում ցուցաբերել, որովհետեւ այդ հարցը արդարութեան կը վերաբերի եւ, հետեւաբար, բոլորը կը հետաքրքրէ: «Հարկ է բանտերուն տագնապին լուծման օրակարգը առաջնահերթ նկատել», նշեց ան:

Մուխայպեր, որ ընդգծեց, թէ բանտերուն մէջ տիրող կացութիւնը մարդկային չափանիշներու հետ կապ չունի, նաեւ շեշտեց, որ արգելափակեալներուն ներում շնորհելու պահանջը նոյնպէս փշոտ հարց է:

Երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր, որ իր կարգին կը մասնակցէր խորհրդարանական յանձնախումբերուն վերոնշեալ միացեալ նիստին, շեշտեց, որ կարելի չէ նման ճնշումի պայմաններուն տակ հաւաքական ներում շնորհել, այլ հարկ է իւրաքանչիւր պարագայ առանձին ուսումնասիրել:

Ապի Նասըր յայտնեց սակայն, որ երկրին գործադիր իշխանութեան բացակայութեան, օրէնսդրական իշխանութիւնը չի կրնար իր դերակատարութիւնը ունենալ, հետեւաբար հարկ է արագացնել նաեւ կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին մէջ կուտակուած փտածութիւնը, յատկապէս բանտերուն պարագային, հետզհետէ նուազեցնել:

Մարդկային իրաւունքներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուսա ակնարկելով Ռումիէի բանտի չորս մասնաշէնքերուն մէջ տիրող պատկերին` ընդգծեց, որ միայն 1200 բանտարկեալ ընդունելու կարողութիւնը ունեցող այս բանտին մէջ կայ 4200 արգելափակեալ,

աւելցնելով, որ այս հարցը լուծելու համար դասաւորումներ պիտի կատարուին արագացնելու համար արգելափակեալներուն դատավարութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի կատարուին որոշ բարեփոխումներ, որոնց ծիրին մէջ կարելի պիտի ըլլայ նոր բանտեր կառուցել, արգելափակեալներուն փոխադրութեան համար 20 նոր փոխադրակառքեր ապահովել, բանտարկութեան տարուան տեւողութիւնը նուազեցնել, ինչպէս նաեւ բանտին մէջ որդեգրուած պատիժները վերատեսութեան ենթարկել:

«Լիբանանեան կեանք» բաժնի յառաջիկայ շաբթուան էջով կը ներկայացնենք Ռումիէի բանտէն բռնկած ըմբոստութեան դրդապատճառները` արգելափակեալներուն եւ անոնց հարազատներուն վկայութեան ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ` բանտի այս ինթիֆատան քաղաքականացնող տարբեր տեսակէտներ ու մօտեցումներ:

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ՍԱՖԻՐ» եւ «ԱԽՊԱՐ»)

Share this Article
CATEGORIES