«Իմ Ժապաւէններուս Մէջ Միշտ Վերադարձ Կայ», «Ազդակ»-ին Կ՛Ըսէ Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեան
Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեան չի սիրեր իր նկարահանած շարժանկարները տեղաւորել որեւէ ժանրի եւ ուղղութեան մէջ. իր ժապաւէններուն մասին ան կ՛ըսէ` հեղինակային:
«Սիսեռ» շարժանկարով հանրածանօթ դարձած եւ ատկէ ետք տասնեակ ժապաւէններ նկարահանած բեմադրիչը վերջերս միաժամանակ աւարտեց երկու շարժանկար եւս` «Կաթ, մեխակ ու երգ րենական…» եւ «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի»: Վերջին շարժանկարը շուտով կը մասնակցի Հայաստանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնին: Բնականաբար «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը միակը չէ. Նիկոլը տասնեակ մը փառատօներու մասնակցած է, մրցանքներ շահած է, անոր շարժանկարները մինչեւ այսօր կը ցուցադրուին զանազան երկիրներու մէջ (յաճախ նաեւ` առանց հեղինակին գիտութեան, ինչ որ ձեւով մը հեղինակային իրաւունքի խախտում է):
Ան բեմադրիչին մասնագիտութիւնը կը նկատէ կոչում, անշուշտ նաեւ Հալէպ քաղաքը (ուր ծնած է) եւ իր ապրած կեանքն ալ ազդեցութիւն ունեցած են ապագայ բեմադրիչի ձեւաւորման մէջ: Միացեալ Նահանգներու մէջ ստացած է շարժանկարային արուեստի արհեստավարժ կրթութիւն եւ, երկար տարիներ այլ երկրներ ապրելէ եւ ստեղծագործելէ ետք, Նիկոլ Պեզճեան տեղափոխուած է Լիբանան (ուր Հալէպէն ետք անցուցած է իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը): Մենք հարկ համարեցինք վերջին շարժանկարներուն ցուցադրութենէն առաջ անպայման զրուցել բեմադրիչին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ կը գգայ բեմադրիչ մը` շարժանկար աւարտելէն ետք:
ՆԻԿՈԼ ՊԵԶՃԵԱՆ.- Անսահման, անյատակ պարապութիւն:
«Ա.».- Իսկ ցուցադրութեան ու արձագանգներուն չե՞ս սպասեր:
Ն. Պ.- Ո՛չ, ատիկա ուրիշ հանգրուան մըն է, ատիկա գեղարուեստական ապրումի, արտայայտման հետ շատ կապ չունի, ընկերային հարցերուն հետ կապուած բաներ են:
«Ա.».- «Կաթ, մեխակ ու ռենական» շարժանկարը նուիրուած է Դանիէլ Վարուժանին: Ինչո՞ւ որոշեցիր անդրադառնալ այդ նիւթին:
Ն. Պ.- Որովհետեւ Դանիէլ Վարուժանի կեանքն ու գործունէութիւնը կը պարունակէ ամբողջ մտաւորական ժամանակաշրջան մը` 1800-ականներու վերջաւորութենէն մինչեւ 1915 թուականը, երբ արեւմտահայ գրականութիւնը կեցաւ: Այդ ամբողջ ժամանակաշրջանը կապուած էր նաեւ Եւրոպայի հետ. շարժանկարին մէջ կ՛երեւի նաեւ այդ մէկը: Շարժանկարը կենսագրութիւնն է գրողին, բայց ոչ երբեք` դասական իմաստով կենսագրութիւնը, այլ` գեղարուեստական վաւերագրութիւն:
Այս ժապաւէնէն ծնած է նաեւ միւսը` «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» խորագիրով աշխատանքս: Երբ որ Պոլիս գացի նկարելու Վարուժանին մասին շարժանկարին մէկ հատուածը (առաջին անգամն էր, որ Պոլիս կ՛երթայի), հոն փորձառութիւն մը ապրեցայ եւ այդ փորձառութիւնը արդէն այլ շարժանկարի մը գաղափարին վերածուեցաւ:
Ատկէ ետք նկարահանեցի «Կօշիկերս Պոլիս ձգեցի» խորագիրով ժապաւէնը, որ վերադարձ մըն է դէպի հին Պոլիս: Այն Պոլիսը, որ մենք մոռցած, լքած անտեսած ենք 1915-էն ի վեր, եւ այն Պոլիսը, որուն պատմութեան եւ գրականութեան ժառանգորդն ենք մեր դպրոցներուն, եկեղեցիներուն մէջ:
Այսօր շատեր հեռացած են Պոլսոյ պատմութենէն, շատ հեռաւոր բան մը կը թուի այն, ինչ որ մենք մեր դասագիրքերուն, դպրոցներուն մէջ սորված ենք Պոլսոյ մասին, բայց երբ որ երթաս Կեդրոնական վարժարան, մտնես սրահը եւ քեզի կ՛ըսեն ասիկա այն սրահն է, ուր Կոմիտասին նշանաւոր երգչախումբը իր փորձերը կ՛ընէր, անիկա Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին է, ուր Կոմիտասը պատարագած է, այնտեղ Խրիմեան Հայրիկը աշխատած է, կամ փողոցը քալած ժամանակդ կ՛ըսեն` աս Գրիգոր Զօհրապին պատուհանն է, աստ հանգչի Ճանճիկեան եւ այլն եւ այլն, այդ բոլոր անուններն ու պատմութիւնները, որոնք հեռու կը թուէին, եւ որոնք մենք միայն պատմութեան, գրականութեան դասագիրքերէն գիտէինք, Պոլսոյ մէջ շօշափելի կը դառնան: Նախ շարժանկարին մէջ թիւեր եւ փաստեր չկան, ինչ որ կը կատարուի, բոլորը զգացական գետնի վրայ են: Հերոսը սփիւռքահայ միջինարեւելքցի է, որ առաջին անգամ ըլլալով Պոլիս կ՛երթայ (շարժանկարին մէջ հերոսը կը մարմնաւորէ բանաստեղծ Սագօ Արեանը): Այդ ճամբորդութիւնը մտաւոր, հոգեւոր, զգայական, քիչ մըն ալ քաղաքական է: Ես զարմացած եմ, թէ որքա՜ն հայերու հանդիպած եմ, որոնք Պոլիս գացած են եւ առաջին անգամ ամէն մէկը տարբեր զգացում կ՛ապրի: Ամէն գացող նոյն Պոլիսը չէ, որ կը տեսնէ. կախում ունի քու շրջանակէդ, մտածողութենէդ, կախում ունի` ինչո՞ւ գացած ես եւ այլն… Բան մը յստակ է, որ մենք Պոլիսը չենք կրցած տեղափոխել ուրիշ տեղ մը:Կը մնայ ծանօթ-անծանօթ քաղաքը:
«Ա.».- Ի վերջոյ ի՞նչ էր Պոլսոյ մասին նման շարժանկար նկարելու նպատակը:
Ն. Պ.- Վերակոչել Պոլիսը , որովհետեւ սփիւռքը ձեւով մը մոռցած է, որ Պոլիսը իր քաղաքն է: Ես չեմ ուզեր, որ սխալ հասկցուի: Մօտ քսան տարի առաջ սփիւռքահայութիւնը Հայաստանի մասին կը խօսէր, բայց անկարելի վիճակ մը կար հասնելու, եւ յանկարծ Հայաստանը անկախացաւ եւ հայրենիքին հետ կապը դիւրացաւ: Սակայն սփիւռքահայը Հայաստան կ՛երթայ եւ քիչ մը ժամանակ կ՛առնէ` բացուելու, քանի որ հոն խորհրդային մշակոյթ կայ, կովկասեան մշակոյթ կայ, ռուսական ազդեցութիւն կայ եւ այլն եւ այլն: Բայց երբ Պոլիս երթայ, այդպէս չէ, Պոլիսը արդէն ծանօթ է քեզի: Հայաստանցիներուն ալ թերեւս գիրքերէն, պատմութենէն ծանօթ է, սակայն նոյն հոգեհարազատութիւնը չեն զգար, լեզուն չեն գիտեր, իրենց կեանքին մաս չի կազմեր, նոյն խորութեամբ չեն զգար: Ինչ կը վերաբերի մանաւանդ միջինարեւելքցի հայերուն, անոնք, ապրելով նոյն միջերկրական մշակոյթին մէջ, ունենալով արաբական եւ իսլամական շփումները, այլ ընկալում ունին Պոլսոյ հանդէպ:
«Ա.».- Ինչո՞ւ քու շարժանկարներուդ մէջ միշտ վերադարձ կայ:
«Ն. Պ.».- Աւելի շատ ոչ թէ վերադարձ, այլ` տեղափոխութիւն, իսկ ատոր պատճառն ալ այն է, որ գաղթական ենք: Իմ շարժանկարներուս մէջ միշտ տեղ մը երթալու, տեղէ մը գալու, յիշողութիւն իրականի պէս ապրելու բան մը կայ:
Կարծեմ խորունկ համամարդկային արժէքներ փնտռելու մասին են իմ շարժանկարներս եւ ատոնք է, որ կը փնտռեմ:
«Ա.».- Նիկո՛լ, մէկը կա՞յ, որ քեզ մղեց բեմադրիչ դառնալու:
Ն. Պ.- Ո՛չ, կոչում է կարծեմ: Ի հարկէ պատահականութիւններ ալ կան, նաեւ եղած են ազդեցութիւններ, որոնք մղած են զիս: Եւ անշուշտ միջավայր եղած է, ուրկէ կոչումը կը սնանի: Երբ որ փոքր էի, զիս շատ սինեմա կը ղրկէին, կիրակի օրերը դրամ կու տային, կար հայ մը, որ կիրակի յետինքին դպրոցի մը մէջ Չարլի Չափլինի ժապաւէնները ցոյց կու տար եւ ես մեծ հաճոյքով կ՛երթայի:
«Ա.».- Այսօր սինեմա երթալու աւանդութիւնն ալ ուրիշ է, շարժանկար նկարելու միջոցներն ալ փոխուած են: Ատիկա կը խանգարէ՞, քեզի համար լա՞ւ է, թէ՞ վատ:
Ն. Պ.- Լաւի եւ վատի հարց չէ: Ժամանակը յառաջ կ՛երթայ եւ շատ բան կը փոխուի. ես խնդիր չունիմ ժամանակին հետ: Նոր արհեստագիտութիւնները թերեւս արագ են մեր սերունդի համար, բայց ես կրցած եմ յարմարիլ այս ժամանակներուն: Շատերը չեն յարմարիր, խառնուածքի, մտածողութան հարց է: Ես, ամէն պարագայի, աւելի հաւասարակշռութիւն պահող եմ եւ չեմ կարծեր, թէ ամէն ինչ նոր է աշխարհին մէջ: Երբ մենք այսօր Դիմատետրին վրայ նկար կը դնենք, ժամանակին մարդիկ քարայրներու վրայ կը դնէին, միջոցը փոխուած է, տեղն ու ժամանակը փոխուած են, գաղափարը թերեւս նոյնը մնացած է:
«Ա.».- Նիկո՛լ, սկսելէ առաջ կը մտածե՞ս, թէ ո՛ր խաւին համար կը նկարես քու շարժանկարներդ:
Ն. Պ.- Ես շարժանկարներս նախ եւ առաջ ինծի համար կը նկարեմ, եթէ ուրիշներն ալ հետաքրքէ, ուրեմն` շատ լաւ: Երբեք չեմ գիտեր` ո՞վ կ՛ըլլայ հանդիսատեսը, ո՞ր երկրին մէջ ցոյց կու տան, երբեք ես հանդիսատես չեմ տեսներ իմ աչքիս առջեւ:
«Ա.».- Ինչո՞ւ արուեստներէն միշտ բանաստեղծութիւնը կը հետաքրքրէ քեզ:
Ն. Պ.- Որովհետեւ ամէնէն կարեւոր արուեստի մարզն է: Ու նաեւ կարծեմ, որ պատմութեան համար միշտ համամարդկային, ամենահամաձակ լեզուն եղած է:
Բանաստեղծութիւնը միայն թուղթին վրայ գրուած պէտք չէ հասկնալ, բոլոր արուեստներուն մէջ բանաստեղծութիւն կայ. անիկա ամբողջ մտահոգեբանութիւն մըն է, որ երբեմն արուեստագէտ բանաստեղծները կրնան փոխանցնել իբրեւ զուտ արուեստ:
«Ա.».- Քու շարժանկարներուդ երաժշտութիւնները շատ իւրայատուկ են, ինչպէ՞ս կ՛ընտրես:
Ն. Պ.- Կան պատճառներ, որոնք քեզ կը մղեն տուեալ երաժշտութիւնը ընտրելու: Օրինակ, Պոլսոյ ժապաւէնին մէջ կ՛օգտագործեմ «Հէյ, նաւավար» երգը, որովհետեւ Պոլիսը նաւավար հայեր շատ ունեցած է, Պոլսոյ մէջ այդ երգը շատ կը սիրեն, մեղմ, քնքուշ մեղեդի է եւ այլն: Իսկ Վարուժանին ժապաւէնի մէջ օգտագործած եմ Կոմիտասի եւ Բարսեղ Կանաչեանի ստեղծագործութիւնները եւ շատ գեղեցիկ կատարումներ են` մէկ կիթառով… Այդ ալ իր պատճառները ունի, որովհետեւ Կոմիտասը կապ ունի Վարուժանին հետ եւ այլն, եւ այլն:
«Ա.».- Շարժանկարներուդ մէջ կը սիրե՞ս խորհրդանիշներ գործածել:
Ն. Պ.- Իմ ժապաւէններուս մէջ յստակ է, որ դիտողին տեսած ամէն ինչը նոյն կարեւորութիւնը ունի, լուսանկար մըն է, գիրքի մը կողքն է, մարդու մը մէկ խօսքն է, երաժշտութեան մէկ խազն է, գոյն մըն է, ոչինչ պատահական ընտրուած է, ամէն ինչ իրարու կապուած է, եւ ժամանակի ու տեղի զննում կայ իմ ժապաւէններուս մէջ: Ժամանակը չի վերջանար, կը շարունակուի: Խօսակցութիւնները արդէն սկսած են, այդ խօսակցութիւնները չվերջացած` մենք կը ձգենք, ուրիշ տեղ կ՛երթանք, անընդհատ շարունակուող վիճակ մըն է` թէ՛ տեղի, եւ թէ՛ ժամանակի:
Պոլսոյ շարժանկարին մէջ առաջին անգամ ըլլալով գոյները յստակ չեն, անորոշ, պղտոր ու անյստակ պատկերներ կան: Այդ մէկը նոյնպէս բան մը ըսելու ձեւ մըն է:
«Ա.».- Այսօր Լիբանանի մէջ մեծ թիւով ժապաւէններ կը նկարահանուին, կրնա՞նք ըսել, որ շարժանկարային արուեստը զարգացած է Լիբանանի մէջ:
Ն. Պ.- Շատ ժապաւէններ կը նկարուին, բայց չխօսինք ատոնց մասին: Սինեմայի մշակոյթը ժապաւէններ նկարելով չէ, անիկա շարժանկարային արուեստի բոլոր ենթակառուցուածքներու առկայութեամբ պիտի ըլլայ: Սթիւտիոներ, զարգացնողներ, մասնաճիւղեր չկան: Այսօր Լիբանանի մէջ մէկ հատ հաստատութիւն չկայ, գոնէ կէս կատար, ուր շարժանկարի արխիւները հաւաքուին, գոնէ` վերջին քսան տարուան մէջ նկարահանուածները: Ամէն մարդ իր տունը պահած է, սակայն ատիկա պահելու ձեւ չէ, կրնայ փճանալ, կորսուիլ, թափուիլ եւ այլն:
Շարժանկարներ կը նկարուին, սակայն աւանդութիւն չի ստեղծուիր, հոս շարժանկարային արուեստը գնահատուած չէ:
Շարժանկարային մշակոյթ զարգացնելը հարուստ երկիրներու մենաշնորհ է: Նախ շարժանկարային արուեստը սուղ արուեստ է: Մեծ ու հարուստ երկիրներու մէջ է, որ կը զարգանայ` մեծ, շուկայական տուեալներով կամ ուժեղ մշակութային քաղաքականութեամբ:
«Ա.».- Նիկո՛լ, դուն այսօր կ՛աշխատիս հեռատեսիլային յայտագիրներ արտադրելու ընկերութեան մը մէջ: Այսօրուան զանազան միջոցներուն կարգին ի՞նչ դեր ունի պատկերասփիւռը մարդու կեանքին մէջ:
Ն. Պ.- Պատկերասփիւռը ժամանցի համար է: Փորձեր կ՛ըլլան հեռատեսիլով ծանր, մշակութային, կրթական լուրջ հարցեր ներկայացնելու, սակայն հեռատեսիլը այդ չէ, անիկա ժամանցի եւ թեթեւ կեանքի մէկ մասն է: Պատահական չէ, որ հեռատեսիլը կը դրուի խոհանոցը, երեխաներուն սենեակը, հիւրերուն ներկայութեամբ, ճաշարանները եւ այլն: Մարդիկ պատկերասփիւռէն ասկէ աւելի լուրջ բաներ թող չսպասեն:
«Ա.».- Ինչ կը վերաբերի քու նկարահանած վերջին շարժանկարներուդ` ի՞նչ կարեւոր ըսելիք կայ անոնց երկուքին մէջ միաժամանակ:
Ն. Պ.- Այս երկու ժապաւէնները պատճառ դարձան, որ մեր ամբողջ պոլսահայ մշակոյթը մէկ անգամ եւս դիտուի: Պոլսոյ կեանքի մասին շատ բաներ կան, որ չենք գիտեր: Վերջերս կարդացի հայատառ թրքերէնով գրուած առաջին վէպը, (գրուած 1851 թուին), Ագապիին պատմութիւնը, եւ ամենահետաքրքականը այն է, որ Օսմանեան լեզուով գրուած առաջին վէպն: Նաեւ իրենց համար առաջինն էր… Հայկական Պոլիսը մեզի համար հեռաւոր ու անհասանելի բան մը կը թուի, սակայն այս շարժանկարները կու գան մօտեցնելու մեզ: Շարժանկարներուն մէջ կարեւոր հարցումներ կան, չեմ ուզեր շատ խօսիլ, որ հանդիսատեսը ինքն ալ մասնակից դառնայ:
«Ա.».- Անցեալի ու ներկայի Պոլիսը երկու շարժանկարի մէջ անհնար է տեղաւորել: Թերեւս գաղափարը շարունակութի՞ւն պիտի ունենայ:
Ն. Պ.- Ինչ որ զգացում կրցայ փոխանցել, փոխանցեցի, յուսամ պակասը… շարունակելին… ուրիշները աւինեն: Կարծեմ այլեւս ժամանակն է, որ Թանզանիա անցնիմ։
«Ա.».- «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» շարժանկարէն աւելի շատ հարցումներ կը ծնին, քան` պատասխաններ:
Ն. Պ.- Գտէք պատասխանները, ես ալ ձեզի կը հարցնեմ, ես ալ պատասխան կը սպասեմ, աչքերուդ մէջ նայելով` հարց կու տամ, ինձմէ դուրս է այլեւս, ես չեմ կեդրոնը, ես հարց տուողն եմ… Եւ այդպէս ալ «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» շարժանկարը կ՛աւարտի պարոյկով:
Պատրաստեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ


