Ճորտըն Ռոմերօ, 15 Տարեկան, Դպրոցական, Լեռնագնաց
15 տարեկան Ճորտըն Ռոմերօ կրտսերագոյն լեռնագնացն է, որ բարձրացած է եօթը ցամաքամասերու ամէնէն բարձր գագաթները:
24 դեկտեմբեր 2011-ին Ճորտըն Ռոմերօ Կաղանդի շատ աղուոր նուէր մը ստացաւ. ան իր երազը իրականացուց: Ան մագլցեցաւ Անթարքթիքի ամէնէն բարձր լերան` Վինսընի գագաթը: Ասիկա վերջին գագաթն էր արկածախնդրութեան մը, որ ան սկսած էր վեց տարիներ առաջ:
7 Ցամաքամասերու 8 Գագաթները
Իր փոքր տարիքէն Ճորտըն շատ կը սիրէր լեռ մագլցիլ: Ան վաւերագրական ժապաւէններ դիտած է, եւ միշտ բազմաթիւ հարցումներ ուղղած է իր հօրը, որ փորձառու լեռնագնաց մըն է, եւ այս ամբողջովին խենթ նպատակը յղացած է. իւրաքանչիւր ցամաքամասի ամէնէն բարձր գագաթները մագլցիլ:
Այս երազը զայն տարած է աշխարհին չորս կողմերը: Երբ մենք հաշուենք անոր մագլցած լեռները, ցանկին մէջ կը տեսնենք 8 անուն: Ճորտըն կը բացատրէ, թէ գոյութիւն ունի վէճ մը Ովկիանիոյ ամէնէն բարձր գագաթին շուրջ: Կան երկու վայրեր. մէկը Ինտոնեզիոյ մէջ, միւսը` Աւստրալիոյ: Հետեւաբար ան մագլցած է այդ երկու գագաթները. այս ձեւով ոչ մէկ անորոշութիւն կը մնայ:
Բարձունքներու Երազ Մը
Ճորտընի համար Էվերեսթի 8848 մեթրերը մագլցիլը իր կեանքին ամէնէն կարեւոր վայրկեաններէն մէկը եղած է: 13 տարեկանին ան դարձած է «աշխարհի տանիքը» հասնող ամէնէն փոքր անձը: Ինչպէս միշտ, անոր կ՛ընկերանային իր հայրը եւ խորթ մայրը: Այս ձեւով անոնք դարձած են նաեւ Էվերեսթի գագաթին միասին գտնուող առաջին ընտանիքը:
14 ժամ գիշերով բարձրանալէ ետք, Ճորտըն վերջապէս գագաթ հասած է արեւածագին: Հոնկէ ան կրնար տեսնել երկրագունդին կորութիւնը:
Նոր Էվերե՞սթ Մը
Ճորտըն ունի նաեւ իրականացնելիք ուրիշ երազներ: Իր ծննդավայր Միացեալ Նահանգներուն մէջ պատանիներուն մէկ երրորդը չափազանց գիրութենէ` սոնքութենէ կը տառապի: Հետեւաբար այդ պատանիները դուրս հանելու եւ շարժելու փափաքը տալու համար ան պիտի փորձէ մագլցիլ Միացեալ Նահանգներու 51 ամէնէն բարձր գագաթները: Արկածախնդրութիւնը կը շարունակուի…
Լաւ Լուրեր
Այն Սառցակոյտերը,
Որոնք Չեն Հալիր
Սառոյցի լեռներուն հալիլը փաստ մըն է, որ երկրագունդին ընդհանուր կլիման կը տաքնայ: Սակայն զարմանալիօրէն կարգ մը սառցակոյտեր կը տոկան:
Աշխարհի մէջ 2003 թուականէն 2010 թուականին միջեւ սառցակոտյերը եւ լեռներուն գագաթները ծածկող սառոյցի խաւերը «նիհարցած են» տարեկան մօտաւորապէս 150 միլիառ թոն: Անոնք կը հալին, որովհետեւ երկրագունդին վրայ ջերմաստիճանը կը բարձրանայ:
Սակայն կարգ մը սառցակոյտեր կը տոկան: Ինչպէս, օրինակի համար, Կրինլանտի եւ Անթարքթիքի մէջ սակայն նաեւ` Կարակարումի սառցակոյտերը:
Կարակարումի լեռները կը գտնուին Փաքիստանի հիւսիսը: Հոն մենք կը գտնենք աշխարհի երկրորդ ամէնէն բարձր գագաթը, Ք. 2-ն:
Գիտնականները զարմացան, երբ այս ուսումնասիրութիւնը կատարեցին: Անոնք յստակ բացատրութիւն մը չունին, թէ ինչո՛ւ այս սառցակոյտերը ուրիշներէ աւելի տոկուն են: Անոնք կը մտածեն, որ պատճառը կրնայ ըլլալ շրջանի կլիման:
Ձմրան շատ կ՛անձրեւէ եւ կը ձիւնէ: Իսկ այս վերջին տարիներուն օդը աւելի զով եղած է ամրան:
Հետեւաբար սառցակոյտերը նուազ հալած են եւ պահած` ջուրի իրենց թանկագին պահեստը քիչ մը աւելի երկար ժամանակի համար:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
- Բնութեան մէջ պանանին կեղեւը 2 – 10 օրուան մէջ կը փճանայ:
- Հարաւային բեւեռը աշխարհի ամէնէն քիչ արեւու լոյս ստացող վայրն է: Հոն 182 օր առանց արեւի կը մնան:
- Իւրաքանչիւր 90 վայրկեան մեր արտադրած աղբը կրնայ լողալու աւազան մը լեցնել:
- Լուսինին վրայ մէկ օրը հաւասար է երկրագունդին վրայ 27 օրի:
- Արեւուն լոյսը երկրագունդ կը հասնի 8 վայրկեան եւ 17 երկվայրկեանէն:
- Միջին դարերու ազնուականները կարապ կ՛ուտէին:
- Արեւը այրող աստղ մըն է:
- Միքէյ Մաուսը առաջին ոչ կենդանի արարածն էր, որ շարժապատկերի Օսքար մը ստացաւ:
- Քացախի միջազգային փառատօնը ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ յունիս ամսուն, Հարաւային Տաքոթայի Ռոզլին քաղաքին մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
- Փիղի մը ուղեղը մարդկային ուղեղէն վեց անգամ աւելի մեծ է:
- Մեր եղունգները 2,5 սմ երկայնք կ՛ունենան, եթէ մենք զանոնք չկտրենք մէկ տարուան ընթացքին:
- Մեր եղունգները եւ մազերը նոյն նիւթէն կազմուած են:
Հարցում / Պատասխան

3) Ո՞վ 14 ոսկի մետալ շահեցաւ լողի մրցումներուն, 2007 եւ 2008 թուականներու Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին:
Պատասխանները Վերջաւորութեան
Ժամանց

Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւ կը համապատասխանէ անոր տակը գտնուող երկու շրջանակներու մէջի թիւերու գումարը:
Պատասխաններ
1) Վեց: Կատուին աչքերը լոյսը «ծծող» ցոլացնող բջիջներու աւելորդ խաւ մը ունին:
2) 25 ժամ: Յուլիս 20, 1969-ին, ամերիկացի աստղանաւորդ Նէյլ Արմսթրոնկ դարձաւ լուսինին վրայ ոտք դնող առաջին մարդ արարածը:
3) Մայքըլ Ֆելփս: 2004 թուականին Ֆելփս շահեցաւ վեց ոսկի եւ երկու պրոնզ մետալ, Աթէնքի մէջ, եւ ութ ոսկի մետալ` 2008-ին, Փեքինի մէջ:
4) 2,500,000 քարի կտոր: Քարի իւրաքանչիւր կտոր կը կշռէ մօտաւորապէս երկու թոն:
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ







