50 Տարի Առաջ ( 2 յունիս 1962 )
Տպաւորութիւններ
Պէյրութը կեցած է մեծ ցամաքամասերու ճամբուն վրայ:
Արեւելքի դուռը Պէյրութն է: Օդէն, ծովէն ու ցամաքէն:
Պէյրութ կ՛ապրի արագ, եռուն եւ մոլեգին կեանք մը: Արեւելքն ու Արեւմուտքը կը հանդիպին այստեղ եւ տարօրինակ հակադրութիւններ կը ստեղծեն: Ոչ մէկ ընդհարում: Փիւնիկէն միշտ իրապաշտ է:
Հին, իմաստուն Արեւելքը եւ մշակուած Եւրոպան:
Միջերկրականի այս գոհարը նստած է ծովու եւ լեռներու սահմանին, բնական զմայլելի գեղեցկութեան մէջ, որ ունի իր տեղական նկարագիրը, տարբեր իր դրացի երկիրներէն: Լեռներ, ձորեր, դարաւոր մայրի: Առատ ջուր: Սրճարաններ` ակերու ափին, բանաստեղծական ապաստաններ:
Պէյրութը նաեւ հայ է: Այս եռացող կեանքի անբաժան մասը: Ամէն տեղ: Շուկան, եկեղեցիներու, դպրոցներու մէջ, եւ` խորհրդարանի:
Այս որքան հայ կայ աշխարհի վրայ:
Պէյրութ կը վխտայ հայութեամբ: Նստած է բոլոր ճամբաներու վրայ: Կը խօսի, կը գրէ, կ՛երգէ, թատրոն կը խաղայ եւ կ՛աղօթէ:
Հայութիւնը կը վայելէ արաբ ազնիւ ժողովուրդին եղբայրական ասպնջականութիւնը, դարերէ ի վեր: Այս երկրի ղեկավարութիւնը, տարօրինակ իմաստութեամբ կը համադրէ այս հողին վրայ ապրող փոքրամասնութիւններուն կեանքը` ժողովրդավար պետականութեան մը շունչին տակ:
Անկարելի է չխանդավառուիլ հայութեամբ` Պէյրութի մէջ: Անկարելի է չզգալ հայութեան սիրտը, որ կը տրոփէ առողջ ու հզօր:
Վարժարաններու շէնքերը յաճախ անփառունակ են, նեղ եւ անյարմար, բայց բովանդակութիւնը ապշեցուցիչ է: Ո՞վ կ՛ըսէ, որ այս ցեղը սերունդ մը առաջ կը վերապրէր մեծ ջարդը: Առողջ, պայծառ ու գեղեցիկ ցեղ մը կը վերածնի: Ազգ մը, որ ներուժ կերպով կազմակերպուած է, կը կառուցէ, կը մշակուի եւ արմատները կը նետէ խորունկը:
Անկասկած, Պէյրութը հայկական սփիւռքի սիրտն է: Մշակութային եւ ազգային կեդրոնը: Մայր հարենիքէն դուրս` հոգեկան հայրենիքը:
Պէյրութ է արտասահմանի հայութեան համար այն, ինչ որ էր Թիֆլիսը Կովկասի մէջ, երբեմն:
Անկարելի է չխանդավառուիլ Պէյրութով:
Եկեր եմ հեռաւոր Ամերիկայէն ժողովուրդս փնտռելու: Եկեր եմ համբուրելու Ս. Աջը դարաւոր աթոռի մը գահակալին, որ ոչ միայն արժանաւոր հայրապետ մըն է, այլ եւ` անպարտելի խորհրդանիշ մը: Այսօր հայութեան աչքերը յառած են Անթիլիաս:
Կորովի, երիտասարդ եւ արտակարգօրէն իմաստուն առաջնորդին հետ կ՛այցելենք մեր վարժարանները: Նոր, իր անձը վերագտած սերունդ մը կը դիմաւորէ մեզ: Պայմանները մեզի դէմ են, միջոցները միշտ անբաւարար, բայց կեանքը կը յաղթանակէ հետզհետէ. թիթեղները գրեթէ անհետացած են, հիները կը քանդուին. նոր շէնքեր կը կառուցուին: Տարօրինակ շինարարութիւն մը կը կատարուի: Անզգալաբար կը վերանորոգուի ցեղը` ֆիզիքապէս եւ ոգեկանօրէն: Նոյնը` Այնճար, Թրիփոլի, Շթորա եւ այլուր:
Կ՛այցելենք Ճեմարանը: Սփիւռքի հպարտութիւնը: Աղբալեանի եւ Շանթի ստեղծագործութիւնը, եւ այսօր սերունդի մը մէջ են անոնք: Անկասկած պէտք է ուժ տալ Ճեմարանին, զայն դարձնել հայկականութեան միջնաբերդ մը:
Հայկազեան քոլեճը կ՛ընթանայ այլ ուղղութեամբ: Հրթիռներ կ՛արձակէ դէպի միջոցը: Արդի գիտութեան ուղիով կը շարժի:
Յուզիչ են զուիցերիական եւ դանիական հաստատութիւնները: Կոյրերու, խուլերու, որբերու նուիրուած նուիրեալ անձինք սորվեր են նաեւ մեր լեզուն: Յուզիչ է եւ զմայլելի:
Ապա Խանամիրեան նուիրատուութիւնը` երկրորդական արդիական վարժարանի: Եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը Պուրճ Համուտի մէջ: Խոստումներ, որոնք մօտ ապագային կ՛իրագործուին եւ հայ ոգիի երկու նոր կեդրոններ եւս կը հաստատուին: Անկարելի է չխանդավառուիլ հայութեամբ: Չեմ կարծեր, որ մեր ժողովուրդը հետզհետէ կը ձուլուի: Յոռետեսութիւնը երէկի դէմ յամեցող հիւանդութիւնն է ոմանց մէջ:
Հայութիւնը յստակ, գիտակից եւ կազմակերպուած կերպով կ՛ընթանայ դէպի իր լուսաւոր ապագան: Աշխարհի բոլոր ծագերէն, բոլոր ճամբաներով: Պէյրութի մէջ կը տրոփէ հայութեան սիրտը` հզօր եւ առողջ:
Ովկիանոսի միւս ափը, ամերիկեան ցամաքամասին վրայ, հարստացած, ամրապնդուած հայութիւն մը զգայուն աչքերով կը դիտէ այս վերածնող հայութիւնը եւ տասնեակներէ ի վեր բացած է իր գրպանն ու սիրտը` նեցուկ կանգնելու համար անոր:
Մեր ժողովուրդը կը թեւակոխէ մեծութեան նոր դարաշրջաններ:
ԲԻՒԶԱՆԴ ԿՌԱՆԵԱՆ
Պէյրութ

