Բարգաւաճ Հայաստանը Չէ Քննարկած Նոր Կառավարութեան Ծրագիրը Տապալելու Հարցը

«Երկիր»-ը Հայաստանի Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեանէն  հետաքրքրուեցաւ, որ արդեօք կարելի՞ է, որ 20 օր ետք, երբ Ազգային ժողովին ներկայացուի նոր կառավարութեան ծրագիրը, Բարգաւաճ Հայաստանը, իբրեւ ընդդիմադիր ուժ, փորձէ զայն տապալել:

«Մենք այսպիսի խնդիրներ չենք քննարկած, որովհետեւ իրադարձութիւններէն եւ ժամանակէն առաջ իյնալու սովորութիւն չունինք», «Երկիր»-ին ըսաւ Զոհրաբեան:

Share this Article
CATEGORIES