Ազգային Ժողովը Գումարեց Իր Առաջին Ժողովը` Ընտրելով Իր Ղեկավարութիւնը Եւ Մնայուն Յանձնախումբերուն Նախագահները. ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան

Նորընտիր Ազգային ժողովը` իր առաջին նիստին

Ձայներու 102 թեր եւ 4 դէմ յարաբերակցութեամբ երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Յովիկ Աբրահամեան: 4 քուէաթերթիկ անվաւեր նկատուեցան:

Յովիկ Աբրահամեան, շնորհակալութիւն յայտնելով վստահութեան համար, նստաւ Ազգային ժողովի նախագահի աթոռին, զոր մինչ այդ կը զբաղեցնէր Ազգային ժողովի ամէնէն տարեց պատգամաւոր Մկրտիչ Մինասեան:

Ձայներու 91 թեր եւ 11 դէմ յարաբերակցութեամբ Ազգային ժողովի փոխնախագահ ընտրուեցաւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան անդամ Էդուարդ Շարմազանով:

Ազգային ժողովի երկրորդ փոխնախագահը նոյնպէս Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան անդամ է: Հերմինէ Նաղդալեան փոխնախագահ ընտրուեցաւ ձայներու 89 թեր եւ 10 դէմ յարաբերակցութեամբ:

ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորները չմասնակցեցան քուէարկութիւններուն:

Յայտնենք, որ երէկուան նիստին սկիզբը ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

Հայաստանի Ազգային ժողովի յանձնախումբերու թիւը քննարկելու ժամանակ Ազգային ժողովի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Յարութիւնեան առաջարկեց պահպանել եղած թիւը, այսինքն, որ Ազգային ժողովը ունենայ 12 մնայուն յանձնախումբեր. սոյն առաջարկին դէմ էր ՀՅԴ խմբակցութիւնը:

ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ կը խախտուի Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքը, եւ ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն եւ Ժառանգութիւնը ունին 5-ական պատգամաւոր, ուստի յանձնախումբերու թիւը պէտք է ըլլայ 10:

«Եթէ առաջ խելամիտ բանավէճով, ապացուցելով կարելի էր հարց լուծել, հիմա արդէն այդ կարելիութենէն զրկուած ենք: Անոր համար ալ այս վէճը միայն սկզբունքի համար է», իր կարգին նշեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան եւ աւելցուց, որ թէեւ ինք կը հասկնայ, որ ոմանք առանց յանձնախումբի նախագահ կամ տեղակալ ըլլալու չեն կրնար ապրիլ, բայց ատիկա բաւարար չէ, որ օրէնքը խախտուի:

Ան  նշեց, որ Ազգային ժողովը իր աշխատանքը արդէն իսկ խախտումով կը սկսի: «Քանի մը ելոյթներէ պարզ դարձաւ, որ կան մարդիկ, որոնք երջանիկ են Ազգային ժողովի այս ընտրութեամբ, պատկերով ու բովանդակութեամբ: Ես անոնց շարքին չեմ պատկանիր, որովհետեւ դուք ստացաք  իրավիճակ մը, երբ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները կան, բայց ոչինչ փոխել, լուծել կրնան: Կարելի է միայն խօսիլ, արձագանգել ու բարկանալ, բայց որեւէ հարց կարելի չէ լուծել, այսինքն` Խորհրդային Միութիւնը վերադարձաւ մեր երկիրը», ըսաւ Վահան Յովհաննիսեան:

ՀՅԴ-ն յայտարարեց, որ չի մասնակցիր քուէարկութեան: Յանձնախումբերու նախկին թիւը ու անուանումները պահպանելու` Դաւիթ Յարութիւնեանի առաջարկը դրուեցաւ քուէարկութեան եւ ընդունուեցաւ ձայներու 77 թեր, 1 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ:

Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի ունենայ մնայուն յանձնախումբի 8, իսկ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը` 4 նախագահ:

Գալուստ Սահակեան ներկայացուց յանձնախումբերու նախագահներու Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուները: Այսպէս` առողջապահութեան, մայրութեան եւ մանկութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին համար Հանրապետականը առաջադրեց Արա Բաբլոյեանի թեկնածութիւնը, արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին համար` Արտակ Զաքարեանի թեկնածութիւնը, գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբին համար` Արտակ Դաւթեանի թեկնածութիւնը, պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց մնայուն յանձնախումբին համար` Կորիւն Նահապետեանի թեկնածութիւնը, պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբին համար` Դաւիթ Յարութիւնեանի թեկնածութիւնը, ընկերային հարցերու մնայուն յանձնախումբին համար` Յակոբ Յակոբեանի թեկնածութիւնը, տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնախումբին համար` Վարդան Այվազեանի թեկնածութիւնը, ելեւմտավարկային եւ պիւտճէական հարցերու յանձնախումբին համար` Գագիկ Մինասեանի թեկնածութիւնը:

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը գիւղատնտեսական եւ բնապահպանական հարցերու յանձնախումբին համար առաջադրեց Սամուէլ Բալասանեանի թեկնածութիւնը, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մնայուն յանձնախումբին համար` Էլինար Վարդանեանի թեկնածութիւնը, եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնախումբին համար` Նաիրա Զոհրաբեանի թեկնածութիւնը, տարածքային կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման հարցերու մնայուն յանձնախումբին համար` Ստեփան Մարգարեանի թեկնածութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES