Հայաստանի Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ
Երէկ Հայաստանի կառավարութեան նիստի սկիզբը վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նշեց, որ երկրին նախագահին դիմում ներկայացուցած է կառավարութեան հրաժարականի մասին:
«Հիմք ընդունելով սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածին 4-րդ կէտը եւ հաշուի առնելով այն, որ 31 մայիսին սկսաւ 5-րդ գումարման խորհրդարանի առաջին նիստը` ես նախագահին ներկայացուցի կառավարութեան հրաժարականը», յայտարարեց վարչապետ Սարգսեան:
Ըստ անոր, հրաժարած կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր ընթացիկ աշխատանքները մինչեւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումը:
Տիգրան Սարգսեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախարարներուն` «կառավարութեան ծանր բեռը միասին կրելու համար»: Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախարարներուն անունով ալ քաղաքաշինութեան նախարար Վարդան Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց գործընկերներուն միացեալ աշխատանքին համար:

