ՀՅԴ Խմբակցութեան Ղեկավար` Արմէն Ռուստամեան, Իսկ Քարտուղար` Աղուան Վարդանեան

ՀՅԴ խմբակցութիւնը

Հինգերորդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ  ՀՅԴ խմբակցութիւնը պիտի ղեկավարէ Արմէն Ռուստամեան:

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը պիտի ըլլայ Աղուան Վարդանեան:

Նշենք, որ 4-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ Արմէն Ռուստամեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահն էր:

Նոր խորհրդարանին մէջ ՀՅԴ-ն պիտի ունենայ 5 պատգամաւորներ` նախկին 16-ին փոխարէն:

Share this Article
CATEGORIES