Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին Հետ` Փոքրիկն Մարկարիթա Միքայէլեանին Տպաւորիչ Ելոյթը

Ուրբաթ, 25 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին,  Յիսուսեան միաբանութեան Մոնոյի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հերթական համերգը` նուագավարութեամբ դաշնակահար Ուալիտ Մուսալլէմի:

Յայտագրին առաջին բաժինով, իբրեւ մենակատար, նուագախումբին հետ  իր անդրանիկ ելոյթը ունեցաւ  9-ամեայ փոքրիկն դաշնակահարուհի Մարկարիթա Միքայէլեանը, որուն բեմական գերազանց ինքնավստահ կեցուածքն ու անթերի ու անսայթաք նուագը, իր տարիքին համեմատ ցուցաբերած  բարձր երաժշտականութեան հետ խորապէս տպաւորեցին ներկայ երաժիշտ թէ երաժշտասէր ունկնդիրները:

Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցի 2-րդ , ինչպէս նաեւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի  4-րդ դասարանի աշակերտ Մարկարիթա Միքայէլեան ծնած է երաժշտական ընտանիքի մէջ, եւ վեց տարեկանին սկսած է դաշնակի դասերու հետեւիլ 2009- էն ի վեր` ուսուցիչ ունենալով Անժելա Խտըշեանը:

Մարկարիթա Միքայէլեան Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուախախումբին հետ կատարեց անգլիացի երաժշտահան  Ա. Ռոուլէյի դաշնամուրի եւ նուագախումբի «Փոքր քոնչերթօ»-ն, որ ինքնին փորձաքար մը կը նկատուի փոքրիկ ու սկսնակ դաշնակահարներու համար: Մարկարիթա Միքայէլեան իր անդրանիկ ելոյթով իսկ փայլուն կերպով յաղթահարեց արհեստավարժ նկատառելի մակարդակի մը տիրապետում պահանջող այս գործը:

Արժանին պէտք է մատուցել Մարկարիթային ուսուցչուհիին` Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցի առաջատար դասախօսներէն Անժելա Խտըշեանին, որուն պատրաստած սաները միշտ ալ աչքի ինկած են լիբանանեան տարբեր երաժշտական մրցոյթներու ընթացքին, թէ բեմերու վրայ:

Փոքրիկն դաշնակահար Մարկարիթա Միքայէլեան խոստմնալից անունն մըն է, որ յարատեւելու պարագային հպարտառիթ նորանոր նուաճումներ ձեռք պիտի բերէ ապահովաբար:

Share this Article
CATEGORIES