Կարօ Ճեհիզեանի Յիշատակին
Տարի մը առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ հաւատաւոր դաշնակցական ընկեր մը, ընտանիքի առաքինի հայր մը եւ ազնիւ ու ծառայասէր հայորդի մը` Կարօ Ճեհիզեանը, որ սիրուած էր ամբողջ շրջապատին կողմէ` յարգանք եւ ակնածանք պարտադրելով:
Բոլոր զինք ճանչցողները կրնան վկայել անոր ազգասիրութեան եւ ծառայասիրութեան ոգիին մասին:
Ցաւալի է այս մեծ կորուստը` անհաւատալի ըլլալու չափ, որովհետեւ կեանք, կորով եւ աշխուժութիւն ներշնչող ընկեր Կարոն իրաւունք չունէր այսքան շուտ հրաժեշտ տալու մեզի:
Ան իր ամբողջ էութեամբ եղաւ խոնարհ ու կամաւոր զինուորը Դաշնակցութեան, գործեց առանց աղմուկի, լուռ ու մունջ, գործեց առանց փայլուն երեւոյթներու եւ այդ պատճառով ալ միշտ մնաց մեծ` իր խոնարհութեամբ եւ համեստութեամբ:
Կարօ Ճեհիզեան պատասխանատուութիւններ ստանձնեց լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ ընթացքին եւ սկիզբէն մինչեւ աւարտը մնաց պատնէշի վրայ:
Ընկեր Կարօ գործեց թէ՛ իբրեւ պարզ ընկեր, թէ՛ իբրեւ կոմիտէի անդամ կամ հերթապահ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, որուն սահմանները այդ օրերուն ընդարձակուած էին Ամանոսէն մինչեւ Ֆանար, Մար Եուսեֆ եւ Ռաուտա` ընդգրկելով նաեւ Ժտէյտէն ու Պաուշրիէն:
Ամէնօրեայ դէպքեր ու հարցեր լուծելու համար ան յաճախ շաբաթներ շարունակ կը քնանար ակումբը, որ դարձած էր ընկեր Կարոյին տունը:
Ընկեր Կարօ կը պատկանի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր մեծ հայրերուն եւ մայրերուն յաջորդած սերունդի այն զաւակներուն, որոնք փոքր տարիքէն իրենց առաջին քայլերը առին ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ:
Մարդիկ, որոնց միտքը դաստիարակուեցաւ սկաուտական շարքերու կարգ-կանոնով, անոնց հոգին թրծուեցաւ ՀՄԸՄ-ի հրաշափառ տեսլականով, ազնիւին, պարկեշտին, գեղեցիկին եւ ազգին ծառայելու գաղափարով:
Ան փոքր տարիքէն մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ին` ըլլալով Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտ եւ մարզիկ, կիրարկելով աթլեթիզմ եւ ֆութպոլ:
Ընկեր Կարօ 18 տարեկանին տալով դաշնակցականի իր երդումը` անդամագրուած է ՀՅԴ շարքերը 1948-ին, մնալով հաւատարիմ կուսակցական մինչեւ իր մահը:
Հակառակ անոր որ քանի մը ընկերներու հետ առեւանգուեցաւ դաւադրաբար, ապա իր սեփական խանութը ականահարուեցաւ` կրելով նիւթական մեծ վնասներ, եւ աւելի ուշ իր բնակարանի պատշգամէն ականատես եղաւ իր զաւկին ականուած ինքնաշարժի պայթումին, ընկեր Կարօ մնաց հաստատ ու տոկուն կամքով` աւելի եւս կառչելով իր սկզբունքներուն:
Ընկեր Կարօ, որ ամուր հաւատք եւ կարծր կեցուածք ունէր ազգային եւ կուսակցական հարցերուն գծով, նոյնքան եւ հեզ էր, ազնիւ ու բարի` հանդէպ շրջապատի հարցերուն, երբ զանոնք նկատէր արդար:
Իբրեւ խոնարհ զինուոր, ան հաւատաց կուսակցութեան եւ իբրեւ խոնարհ ծառայ` կուսակցութեան ընդմէջէն գործեց հայութեան համար: Իր կատարած գործերով միշտ պիտի ապրի մեզի հետ` իբրեւ ոգի ու յիշատակ, որովհետեւ ան մեզի կը ձգէ բարի յիշատակներ, որոնք մեզի կը փոխանցեն միայն ու միայն ընկեր Կարոյին արժանիքները` խրոխտ կեցուածք ու դաշնակցականի խիզախ կամք, ինչպէս նաեւ անսահման համեստութիւն` իբրեւ ընկեր, ընտանիքի հայր եւ բարեկամ:
Նման հաւատաւոր ընկերներու արժանիքները թող վարակիչ ըլլան եւ օրինակելի թարմութիւն պահեն իրերայաջորդ սերունդներուն մօտ:
Վարձքդ կատար, սիրելի՛ ընկեր Կարօ:
Քու գործունէութիւնդ կը գնահատենք մեծապէս, դուն մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնաս իբրեւ մեծ եղբայր եւ երէց ընկեր, տիպար օրինակը խիզախ կեցուածքի եւ ծառայութեան ոգիի:
Տարիներու քու անմնացորդ ու անշահախնդիր վաստակդ պիտի մնայ պինդ ու անմոռանալի օրինակ եւ պիտի ոգեշնչէ մեզ:
Խունկ ու մոմ քու անթառամ յիշատակիդ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ…
ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

