Երբ Ընկերուհի Կը Կորսնցնես
Երէկ Կարինէն, ուրիշներ եւս, այսօր Ռիթան: Տարօրինակ զգացում է, երբ սեփական ընտանիքիդ զուգահեռ կազմուող միւս ընտանիքէդ` ԼՕԽ-էն, մէկիկ, մէկիկ, աշնան տերեւներու նման կ՛իյնան անդամները` իրենց ետին ձգելով վիշտ, ցաւ, մտահոգոմւթիւն, պարապութիւն, բայց նաեւ` անհուն յիշատակ, որ տարօրինակօրէն մերթ ընդ մերթ նոյնիսկ ժպիտ կը բերէ դէմքիդ ու հոգիիդ:
Կը մտնես աշխատանոց, անոնք չկան, բայց կան միւսները, որոնք մեկնողներուն հետ երկար տարիներ միասին ճգներ, իրենց սեփական ընտանիքին զուգահեռ այս ընտանիքը կազմեր են` միասին ձեւերով, ձեռագործ բանելով, իրենց ախն ու վախը բաժնելով, իրենց անձնական ու կազմակերպական յաջողութիւններուն ուրախութիւնը միասին տօնելով, ծրագիրներու մշակման ատեն միասին մաշելով ու մտահոգուելով, ցուցահանդէսներ կազմակերպելով, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Ձեռարուեստի կեդրոնը բարձունքներու հասցնելով:
Կային Ռիթան ու Կարինէն եւ ուրիշներ տակաւին… այսօր չկան. չկան, բայց մեր բոլորին սրտերուն ու մտքերուն մէջն են: Մեր մէջ կ՛ապրին իրենց ձգտումները, մեր մէջ կը մրմնջեն իրենց մտահոգութիւնները, մեր ականջներուն մէջ կը հնչեն յաջողութիւններու առիթով իրենց խնդուքները, մեր աչքերուն առջեւ կը կենդանանան հաւատքով փայլուն իրենց աչքերն ու ժպիտները… իրենք մեզի հետ են:
«Աղջի՛կս, ինչե՜ր կը գրես», պիտի ըսեր Ռիթան, որովհետեւ տարիքը կարեւոր չէր, ամէն մարդ իր «աղջիկ»-ն էր ու ամէն մարդ իր «տղան», միայն թէ ԼՕԽ-ին գործը գլուխ ելլեր. անկեղծ էր, իսկապէս կամեցող եւ հարազատ եւ ատիկա իր դիմելու իւրայատուկ ոճն էր: Աղջի՛կս, տղա՛ս, եւ ահաւասիկ` «պարտադրող խնդրարկուն», ալ ո՛վ կրնար մերժել Ռիթային…
Սիրելի՛ Ռիթա, երկար ատենէ ի վեր բաժնուեր էին մեզմէ, հիմա առյաւէտ բաժնուած ես ու հեռու, բայց հետքերդ դրոշմուած են քու բոլոր ընկերուհիներուդ կեանքին, առօրեային ու ԼՕԽ-էն ներս տարուող բոլոր գործերուն մէջ: Յիշատակդ անմար պիտի մնայ, կը վստահեցնեմ քեզ, հանգիստ ննջէ, հողը թեթեւ ու ասեղնագործ գոյներով գայ քու հեռաւոր շիրիմիդ վրայ:
Տ. Թ.

