Կենդանի Յուշեր

Իր պատանութիւնը Պէյրութ քաղաքին մէջ անցուցած ընկհ. Ռիթան բնականաբար ԼՕԽ-ի ընտանիքին պէտք էր անդամակցէր քաղաքի մասնաճիւղէն: Աշխուժ ու աշխատունակ, կազմակերպող ու նախաձեռնող ընկհ. Ռիթան բնականաբար պիտի ըլլար նաեւ այդ մասնաճիւղի ատենապետուհի՛ն, ու այդ մէկը` յաջորդաբար երկար տարիներ: Ու հիմա որ, աներեւակայելի՛ բան, ան կը բացակայի իր այնքան սիրած մասնաճիւղին ժողովներէն, բնական է, որ իր ընկերուհիները գան քով-քովի, յիշեն զինք ջերմութեամբ, սիրով… Ու ահա մտաբերուած պատառիկներէն կը յայտնուի ան իր բարեհամբոյր ժպիտով, քնքշութեամբ, բայց հատու շեշտով ըսուած «աղջիկս»-ով ու թէ՛ բարեացակամ, եւ թէ՛ սուր նայուածքով…

1994-ին Ռիթա Պոսնոյեան կը նշանակուի ԼՕԽ-ի քաղաքի մասնաճիւղի անդամ, ատենապետուհի: 1995-ին , երբ ԼՕԽ-ի Պատգամաւորական ժողովը կ՛որոշէ, որ մասնաճիւղերը վերանուանուին կրելով հայկական շրջաններու անուններ, ի՛նք կ՛ընտրէ մերինը` Մեղրի: Ընկհ. Ռիթան այդ թուականէն մինչեւ 2002, անընդմէջ վարած է այնքան կարեւոր, բայց հայաթափումով «վիրաւոր» այդ շրջանի ԼՕԽ-ի վարչութեան ատենապետութիւնը:

Եւ ահա, թէ ինչպէս կարելի է շրջել կացութիւնները: Ընկհ. Ռիթան իր բազմաճիւղ ու հեռահաս կապերով, իր հաստատակամ կեցուածքով, սիրալիր արտայայտութեամբ սքօղուած` ամո՛ւր, պարտադրանք-հրաւէրով ըրաւ այնպէս, որ նօսրացած հայութեամբ այդ շրջանի ԼՕԽ-ի բոլոր ձեռնարկները` տօնակատարութիւն, հաւաքոյթ թէ պազար, ըլլան միշտ բազմամարդ, եռուն, կենսախայտ: Ռ. Պոսնոյեանի համար կարեւոր էին ամէն բանէ առաջ բծախնդիր աշխատանքն ու մաքուր ձեռքի գործը (հայու տոհմական նկարագրային գիծերը չե՞ն միթէ ասոնք): Առատութի՛ւնը նաեւ, ջերմ հիւրասիրութիւնը… Ընկերուհիները կը յիշեն, թէ ինչպէս կը հաւաքուէին շրջանի ակումբը կամ իր տունը ու կը լծուէին համադամ ճաշերու (որոնց այնքան ծանօթ էր իր քիմքը…) մեծաքանակ պատրաստութեան. սեղանները պէտք էր ըլլային լեփ-լեցուն, փարթամ, շքե՛ղ ու մանաւանդ` նրբաճաշակ. ո՞վ կը մոռնայ իր հռչակաւոր եթովպիական ճաշերն ու հայաբոյր, տոհմիկ անուշապուրը…: Ձեռարուեստի յանձնախումբի ցուցահանդէսներուն ալ «Մեղրի»-ն պէտք էր ներդրում կատարէր ու ներկայանար վայելչագեղ ծաղկեկողովով: Այս աչքի ու քիմքի գոհացում տալու փափաքը չէր գար միայն անհատական կարողութիւններէ ու նախասիրութիւններէ, այլ ունէր «մարտավարական» արժէք. ԼՕԽ-ին պէտք էին փայլը, ինքնավստահութիւնը, արդիւնաւէտ, գրաւիչ աշխատանքի առարկայական փաստերը: Ու անոնք երբեք չպակսեցան: Նոյնիսկ ներքին, սեղմ կազմակերպչական ժողովներուն, որքան ալ բազմաթիւ ըլլային անոնք: Այսպէս, ուժականութեամբ լեցուն, վայրաշարժի մը նման բոլորը իր ետեւէն քաշող, գործի լծող ԼՕԽ-ականն էր մեր ընկերուհին. եւ գիտակից իր ալ պարտականութեանց, հիւանդ թէ առողջ, հանգստաւէտ վերելակով թէ մագլցող սանդուխներով ան փորձած է միշտ իր բարեկամուհի-ատենապետուհիի յարաբերական գործը գլուխ հանել: Այդ պատճառով ալ տառապանք էր իրեն համար ակամայ բացակայութիւնը ժողովներէ: Ու մեզի կ՛ըսեն, թէ հեռաւոր ամերիկեան ոստանին մէջ ալ ԼՕԽ-ը` իր ձեռարուեստի յանձնախումբով ու «Մեղրի»ով, կը մնար իր մտահոգութեանց առարկան:

Մեզմէ ո՛չ մէկը պատրաստուած էր իր մահուան լուրը ստանալու… Մեծ ցաւ պատճառեց նաեւ ա՛յն, որ մեզմէ հեռու փակեց ան իր աչքերը: Հիմա սակայն կը մտածենք, թէ մեր ընկերուհին, որ երբեք չէր տատամսեր մեզ գործի մղելու, յետին, նրբագոյն փափկանկատութեամբ մը խնայեց իր ընկերուհիներուն` այդքան կենդանի յուշերու վրայ ափ մը հող նետելու դժուա՛ր, շա՛տ դժուար պարտականութիւնը…

ՄԵՂՐԻ

31-5-2012
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES